
20 Օգոստոս 2019-ին, Մոնթրէալի Սբ. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հայ դասական երաժիշտներու նուիրուած երեկոյ մը «Espace de rencontre avec Aznavour et l'Arménie» խորագրով, մասնակցութեամբ «Quator Rhapsodie» քառեակին։ Սոյն նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած էր «Concerts Ahuntsic en Fugue» (CAF)ի եւ Համազգայինի կողմէ։
Ձեռնարկի բացումին, Համազգայինի ատենապետուհին, ընդունելով CAF-ի շնորհակալական ծաղկեփունջը, իր կարգին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին իրենց որոշումին համար, որով այս տարուան համերգներէն երկուքը նուիրած էին հայկական մշակոյթին։ Ներկաները, որոնք մեծ մասամբ օտարներ էին, մեծ հիացմունքով վայելեցին Կոմիտասի, Խաչատուրեանի, Պապաջանեանի եւ Ազնաւուրի երաժշտութիւնը։ Ձեռնարկէն առաջ, անոնք առիթը ունեցան ծանօթանալու Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններու գործունէութեան։ Ահարոնեան սրահին մէջ, Հայ Կեդրոնի անունով բարի եկաքի խօսքը փոխանցեց Մ.Փ. կոմիտէէն Ռուբէն Աշքարեանը, ապա մէկ առ մէկ հրաւիրեց միութիւններու ներկայացուցիչները, ՀՕՄ-էն՝ Անի Թաշճեանը, Համազգայինէն՝ Ռոզմարի Սահակեանը, ՀՄԸՄ-էն՝ Եղբ. Լեւոն Արապեանը, Հորիզոն Շաբաթաթերթէն՝ Կորիւն Գոյունեանը, Տարեցներու միութենէն՝ Շուշան Փիլիկեանը, որոնք սահիկներու օգնութեամբ ներկայացուցին իրենց միութիւններու նպատակն ու գործունէութիւնը։ Ներկաները ապա շրջեցան Հայ Կեդրոնի գրասենեակները, աւելի մօտէն ծանօթանալու մեր «Փոքրիկ Հայաստան»ին։
Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւն, կազմակերպութեամբ Հայ Կեդրոնի Տնօրէնութեան։