Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի միաւորի վարչութեան, Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2024-ին, Համազգայինի մշակութային կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ Շրջ. Վարչութեան, հիմնարկի դասախօսներուն, ուսանողներուն եւ մշակութասէր համազգայնականներուն, Կարօ Սահակեան խօսեցաւ «Հայ Եկեղեցւոյ Ճարտարապետութիւնը» նիւթին շուրջ:
Բազման խօսքով հանդէս եկաւ Կիլտա Տէյիրմէնճեան: Ան սահմանեց ճարտարապետութիւնը եւ մա՛նաւանդ հայկականը, որ կը բնորոշուի իր գեղարուեստական յատուկ յատկանիշներով:
Կարօ Սահակեան հայկական եկեղեցիներու մանրակերտներու եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկաները փոխադրեց հոգեւոր աշխարհ, ուր կը տիրէր հայկական ճարտարապետութիւնը, մշակոյթը, պատմութիւնն ու կրօնքը:
Կարօ Սահակեան այս ցուցադրութեան ներկայացաւ լրիւ նոր հաւաքածոյով:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ վարչութեան ատենապետուհիին շնորհակալական խօսքով: