
Կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գրասէրներու Խմբակի հաւաքներու շարքին՝ Հայ Ժամանակակից Բանաստեղծութիւնը խորագրով հաւաքը, կազմակերպութեամբ Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին։ Նիւթը ներկայացուց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի նախկին տնօրէններէն Նարէ Միքայէլեանը. Նարէ հակիրճ ակնարկ մը նետեց Հայաստանի հանրապետութեան յետ-վերանկախութեան ընթացքին տիրող իրավիճակին վրայ, ապա տեղեկութիւններ բաժնեց ոճերու մասին, իբրեւ օրինակ բերելով Հայրենի ժամանակակից բանաստեղծներ, ինչպէս՝ Յովհաննէս Գրիգորեան, Յուսիկ Արա, Յասմիկ Սիմոնեան, Կարէն Անտաշեան, Կարինէ Աշուղեան եւայլն։ Տպաւորիչ ընթերցումներով իրենց մասնակցութիւնը բերին Յարութ Տոնոյեանն ու Արմինէ Թորիկեանը։ Աւարտին, Թամար Տօնապետեան Գուզուեան, Դուրեանի երկերու ժողովածուէն օրինակ մը նուիրեց Նարէի, բարձր գնահատելով իր օգտաշատ ներկայացումը։