
«Ախ, լեզուն, լեզուն, լեզուն որ չըլի, մարդ ընչի նման կըլի: Մէկ ազգի պահողը, իրար հետ միացնողը լեզուն ա ու հաւատը… Ձեզ եմ ասում, ձեզ, հայոց նորահա՛ս երիտասարդք, ձեր անունին մեռնեմ, ձեր արեւին ղուրբան, տասը լեզու սովորեցէք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատը ղայիմ բռնեցէք»: Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն այժմէական ցաւը կը մատնանշէ ու կը յորդորէ հազարամեայ գանձը՝ լեզուն բիւրեղ պահել ու հաւատարմօրէն փոխանցել զայն նորահաս սերունդին։ Դարերու ընթացքին յաճախ լեզուն խաթարող պայմաններ եղած են ու կը շարունակեն ըլլալ տարբեր-տարբեր ազդակներով։
Գամիշլիի Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» Մասնաճիւղը քաջ գիտակցելով այս իրողութեան, Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, Կիւլպէնկեան սրահէն ներս խորհրդաժողով մը գումարեց «Հայ Լեզուն եւ 21-րդ Դարու Մարտահրաւէրը» խորագիրով։
Խորհրդաժողովը վայելեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի նախագահութիւնն ու ներկայութիւնը, ներկայ էին նաեւ Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ Տէր Պսակ Քահանայ Պէրպէրեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչը, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային երեսփոխաններ, ազգային ու միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. վարժարաններու տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութիւնը, ուսուցչաց կազմերը, ինչպէս նաեւ Տէրիքի շրջանէն ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչը եւ «Ա. Ահարոնեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: