
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Շնորհազարդ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա-ին, Հայրապետական կոնդակով մը 2013 թուականը հռչակած էր Հայ Մայրերու տարի եւ թելադրած էր թեմերու մէջ Եկեղեցիներ եւ կամ Մշակութային միութիւններ կազմակերպեն Հայ Մայրերուն նուիրուած դասախօսութիւններ:
Տիթրոյթի Համազգային Հայ Մշակութայի եւ Կրթական Միութիւնը ընդառաջելով Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2013ին կէսօրէ ետք ժամը 1:30ին, Ս. Սարգիս Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարակից «Լիլիըն Առաքելեան» սրահին մէջ կազմակերպեց շահեկան դասախօսութիւն մը նիւթ` «Հայ Մայրը եւ Հայ Կինը Հայոց Պատմութեան ընթացքին»: