
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ կիթառի դասատու՝ մայսթրօ Եսայի Սգայեանին, Կիրակի 15 Յունուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ կիթառի աշակերտական համերգ մը, «Ս.Զէյթլեան»կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկ. Նաթալի Քէնտիրճեան: Ան վարչութեան անունով ողջունեց ծնողները եւ մշակութասէր ներկաները եւ յայտնեց իր ուրախութիւնը, որովհետեւ համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը դարձեալ ունեցաւ իր երաժշտական դպրոցը, եւ հայ երաժշտութիւնը վառ պահելու մշակութային առաքելութիւնը կը շարունակուի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տաղանդաւոր եւ ժրաջան դասատուին իր հետեւողական աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ՝ ծնողներուն, որոնք բարձր կը գնահատեն երաժշտութիւնը եւ իրենց զաւակները կ’ուղղեն տէր կանգնելու հայ մշակոյթին:
Ապա հրաւիրեց համերգի հաղորդավարուհի, կիթառի աշակերտուհի՝ Նարօ Գարայեանը, որ ներկայացուց հետեւեալ մասնակից աշակերտները.
Ծովակ Րիեահի
Արլի Ճղլեան
Տեսիլեա Հայկեան
Արամ Շէրպէթճեան
Արեգ Շխրտմեան
Յակոբ Էքիզեան
Աբրահամ Փիլավճեան
Արի Շխրտմեան
Գէորգ Լագիսեան
Նարօ Գարայեան
Ներկաները մեծ ուրախութեամբ ունկնդրեցին աշակերտներուն նուագները։
Մթնոլորտը քաջալերական էր։
Վարձքը կատար մայսթրօ` Եսուկ Սգայեանին։