
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, 27 փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ քնարերգութեան արուեստը» նիւթով ձեռնարկ մը:
Օրուան հանդիսավար Լիլիթ Տեմիրճեանի բարի գալուստի խօսքէն վերջ «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղի վարչութեան անունով խօսք առաւ Ժագ Յակոբեան: Ան նկատել տուաւ, որ քնարերգութիւնը գրականութեան հիմնական սեռերէն մէկն է, եթէ ոչ` գլխաւորը` աւելցնելով, որ քնարերգութիւնը ինքնին բանաստեղծութիւն է: Յակոբեան ըսաւ, որ սոյն նախաձեռնութիւնը «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղի առաջին քայլը պիտի ըլլայ հետագային աւելի մասնագիտացած ձեռնարկներ կազմակերպելու` աւելցնելով, որ ուզած են հայկական վարժարաններու աշակերտներուն մասնակցութիւնը ապահովել: Այս առիթով ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ Միացեալ վարժարաններուն, նաեւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութիւններուն, որոնք քաջալերած են իրենց աշակերտները մաս կազմելու ձեռնարկին: «Կը գտնուինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ կը յատկանշուի ամէն մարզի մէջ, ներառեալ մշակութային, նահանջի երեւոյթով եւ ամէնէն խոցելի վիճակը գրականութիւնն է», հաստատեց Ժ. Յակոբեան` յոյս յայտնելով, որ սոյն նախաձեռնութիւնը առիթ ըլլայ հայ քնարերգութեան գրականութեան երբեմնի պերճանքը վայելելու: