Արցախ

Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան 29 Յունուար 2019-ին հանդիպում ունեցած է Արցախի մշակոյթի նախարար Լեռնիկ Յովհաննէսեանի եւ փոխ նախարար Մելանիա Բալայեանի հետ։
Անոնք քննարկած են Արցախ -Սփիւռք մշակութային գործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Համազգայինի եւ Արցախի մշակութային նախարարութեան համագործակցութեան եզրերը։