
Երկուշաբթի, 29 փետրուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի թիւ երեք սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը ծանօթ գրականագէտ, իմաստասէր Մարկ Նշանեանի հետ՝ իր «Պատկեր, պատում, պատմութիւն» նոր գրքին հրատարակութեան առթիւ։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի անունով, ձեռնարկին բացումը կատարեց վարչական ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անահիտ Պալեան, եւ ապա հրաւիրեց Ռաֆֆի Աճէմեանը, որպէսզի ներկայացնէ հեղինակն ու օրուան նիւթը։
Հատորը, որ կը կրէ ենթախորագիր մը՝ «Փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը», հրատարակուած է «Ակտուալ արուեստ»-ի կողմէ, Երեւան, հովանաւորութեամբ Աշոտ Յովհաննիսեանի անուան մարդասիրական հիմնարկին։ Այս երկը երկհատոր շարքի մը առաջինն է։
Իր այս գործով Նշանեան կ՚ուսումնասիրէ լուսանկարչուհի Կարոլ Ֆէքէտէի լուսանկարները ու ֆրանսացի մտաւորականներ Մորիս Բլանշոյի եւ Ժորժ Բատայլի գրական ու փիլիսոփայական գործերը, պատկերի, պատումի ու պատմութեան հարցերը ներկայացնելով ժամանակակից դիտանկիւնէ։
«Ամէն դէպքի մասին կարելի է վկայել։ Բայց օրինակ վկայութեան խախտումին մասին կարելի՞ է վկայել։ Այն ալ դէպք մը չէ՞ ուրիշ դէպքերու կարգին։ Ահաւասիկ հարցումը, զոր վերապրողը կը հարցնէ ինքնիրեն անդադար, եւ միայն ի՛նք կրնայ հարցնել։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ այդքան քիչ բան գիտենք այս նիւթերուն շուրջ,» հարց կու տայ Նշանեան իր գրքին մէջ։
Մէկ ու կէս ժամուան գրքի ներկայացման ընթացքին, ներկաները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան հեղինակին վերլուծումներուն՝ սոյն նիւթին շուրջ կատարած ուսումնասիրութիւններուն մասին եւ մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն, իրեն հետ կրկին հանդիպելու յոյսով։