Միջին Արեւելք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ու ներկայութեամբ միութենական, կրթական ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու եւ գրասէր ու մշակութասէր ազգայիններու, Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ գիրքերու աննախընթաց ցուցահանդէսի, որուն ընթացքին զեղչ-վաճառք յայտարարուած է Համազգայինի հրատարակութիւններու: