
Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 140ամեակի տօնակատարութեամբ արժանթինահայ համայնքը անգամ մը եւս պատուեց հայ մշակոյթը: Համազգայինի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան եւ մասնաճիւղերուն կազմակերպութեամբ, Շաբաթ 14 Նոյեմբերի երեկոյեան, աւելի քան 350 հոգիի ներկայութեան, տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս Փառատօն»ը, Պուէնոս Այրէսի Դաշնակցութեան Կեդրոնական ակումբի «Արմենիա» թատերասրահին մէջ:
Մարալ Թորիկեանի եւ Էտկարտօ Գէորգեանի հայերէն եւ սպաներէն լեզուներով բարի գալուստի խօսքերէն ետք, Կոմիտասի մեծարանքը սկիզբ առաւ իր երգերէն շարք մը բաժիններու արտասանութեամբ՝ Գալուստ Ճանսըզեանի կողմէ, մինչ վարդապետին կիսանդրի մը, գործ՝ արուեստագէտ Կարպիս Էռնէքեանի, զետեղուած էր բեմին վրայ:
Հանդիսութեան ներկայ եղան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան եւ կինը, Ռուբէն Քէշիշեան (Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդր. Վարչութեան անդամ եւ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի ատենապետ), տոքթ. Կրասիէլա Գէորգեան (Հ.Օ.Մ.ի Կեդր. Վարչութեան անդամուհի), Գարլոս Սէֆէրեան (Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդր. Վարչութեան անդամ), Կլատիս Մարգարեան-Թէճիրեան (Հ.Օ.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի), Փապլօ Քէնտիքեան (Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի անդամ), տէր եւ տիկ. Մաէսթրօ Ժան Ալմուխեան եւ բազմաթիւ այլ մշակութասէր անձնաւորութիւններ :
«Մերլին Վիրթուոսի» քառեակին կողմէ ողջոյնի գրութիւն ուղարկեց միջազգային մակարդակի վրայ հանրածանօթ ջութակահար Սամի Մերտինեան, որ արժէքաւոր նուիրատուութիւն մըն ալ ըրաւ կազմակերպիչներուն: Նոյնպէս նամակներ ուղարկեցին Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէն, Հ.Յ.Դ. Հարաւ. Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Հ.Օ.Մ.ի Հարաւ. Ամերիկայի Շրջ. Վարչութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղը, «Արարատ» Ռատիոժամը եւ Հ.Բ.Ը.Մ. ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղը :
Հայր Մխիթար Աբ. Գուտուզեանը հակիրճ կերպով ներկայացուց Կոմիտասի կենսագրականը հայերէն լեզուով՝ փոխանցելով հիմնական կէտերը աշխոյժ կեանքի մը, որ հնադար ազգ մը ներկայութիւն դարձուց արդի երաժշտական մշակոյթին մէջ:
Կուտինա քաղաքին մէջ Իր ծնունդէն ի վեր, ապրեցաւ զոհողութեամբ պսակուած մանկութիւն մը: Եկեղեցական իր կոչումը զինք ուղղեց դէպի Էջմիածնի Մայր Աթոռ, ուր տասնըմէկ տարեկանին իր ուսումը սկիզբ առաւ Գէորգեան Ճեմարանի մէջ: Կոմիտասի անձնական պատմութեան մաս կազմեցին խորհրդանշական դէպքեր, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցան իր կեանքին վրայ, ուր հիմնական տեղը կը գրաւէր երաժշտութեան հանդէպ իր հսկայ սէրը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Ա. Վեհափառը Կոմիտասը նշանակեց Մայր Աթոռի երգչախումբի ղեկավար, ապա զինք օծեց վարդապետ եւ ուղարկեց եւրոպայի ամէնէն հռչակաւոր երաժիշտներուն մօտ: Մեր մշակոյթի վրայ օտար ազդեցութիւններու առկայութենէն մտահոգ, Կոմիտաս լծուեցաւ այդ իրողութիւնը փոխելու, հայու սեփական ձեւը վերստանալու միտումով: Հայ երաժշտութեան արդիականացումը, որ խազերու նախկին նոթագրումէն անցաւ եւրոպական ձեւագրութեան, աշխատանք մը եղաւ, որ զինք զբաղեցուց երկու տասնամեակներ: Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած 20րդ դարու Առաջին Ցեղասպանութենէն Կոմիտաս ֆիզիքական մահէն հրաշքով փրկուեցաւ, սակայն իր միտքը պայծառ չմնաց: Բանախօսը յուզումով յիշեց իր զգացումները, երբ իր ձեռքը անցան Կոմիտասի արժէքաւոր ձեռագիրներ ու անձնական իրեր, որոնց կարգին՝ դաշնակը:
Տեսաերիզով ցուցադրուեցան 1990ին տեղի ունեցած Պերճ Զէյթունցեանի «Մեծ Լռութիւնը» թատերգութեան բեմադրութենէն բաժիններ, ներկայացուած Համազգայինի «Ճորճ Սարգիսեան» Աքսորի Թատերախումբին կողմէ, Գալուստ Ճանսըզեանի ղեկավարութեամբ եւ Հերմինէ Ճանսըզեանի բեմադրութեամբ «Հայ Կեդրոն» սրահին մէջ: Ցուցադրուած յուզիչ կտորը ներկայացուց բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի (դերակատարութեամբ Գալուստ Ճանսըզեանի) եւ Կոմիտաս Վարդապետի (Գարլոս Պօզողլեանի կողմէ) միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութենէն բաժին մը:
Ապա, իր առաջին ներկայացումով «Արմենիա» թատերասրահին մէջ, ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Վարդան Գէորգեան» մասնաճիւղի նորակազմ «Հորովել» նուագախումբը, Մաէսթրօ Անտրէս Ստեփանեանի ղեկավարութեամբ եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ: Նուագախումբը ներկայացուց Կոմիտասի գործերէն «Հոյ իմ նազան», «Ջինար ես», «Շողեր ճան» եւ «Ալագեազ»: Նուագախումբին մաս կը կազմեն Արթուրօ Սարեան (ջութակ), Տիանա Տէր Մոնչէղեան (թաւջութակ), Մարսէլօ Գէորգեան (շվի), Վահրամ Քիրազեան (աքորտէոն), Քրիստիան Կլորիկեան (մանտոլին), Միկէլ Սամուէլեան (տհոլ) եւ Տիէկօ Աստուրեան (պախօ):
Իր հիմնադրութեան 80ամեակին, «Կոմիտաս» Երգչախումբը, արժանթինահայ համայնքի աւագագոյն մշակութային խմբաւորումը, փրոֆ. Մաքրուհի Էօլմէսէքեանի ղեկավարութեամբ, սպասուած ներկայութիւն մըն էր այս համերգին: Փրոֆ. Մարի Մոմճեանի ընթերցումներով եւ թենոր Սերխիօ Չապրազեան մենակատարութեամբ եւ երգչախումբի անդամներու ձայներով, ներկայացուեցան Հայ Երաժշտութեան Հօր հետեւեալ գործերը.- «Գարուն-ա», «Շողեր ճան» եւ «Ծիրանի ծառ», փրոֆ. Ստեփանեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ:
Համազգայինի Հարաւային Ամերիկայի Շրջ. Վարչութեան անունով խօսք առաւ Լիսենսիատօ Խուան Գարլոս Թահթաճեան, որ ներկայացուց Կոմիտաս Վարդապետի թանկագին գործունէութիւնն ու արժէքաւոր անձնաւորութիւնը:
Իր կարգին, փրոֆ. Մարի Մոմճեան երկլեզու ընթերցանութեամբ ներկայացուց Երուանդ Պարսումեանի եւ Պարոյր Սեւակի գործերէն հատուածներ, Տիար Խորխէ (Գէորգ) Սարաֆեանի թարգմանութեամբ: Մասնաւորապէս հրաւիրուած Սալթա նահանգէն, ուր Սինֆոնիք նուագախումբին մաս կը կազմէ, իր զօրակցութիւնը բերաւ Մաէսթրօ Սարօ Դանիէլեան նուագելով «Քէլէ-քէլէ», «Տլէ Եաման», «Ջինար ես» եւ «Կագաւիկ», հայկական աւանդական տարբեր գործիքներով, Մարսէլօ Գէորգեանի ընկերակցութեամբ: Ապա, Հայր Մխիթար Գուտուզեան անգամ մը եւս ներկաներուն յուզում պատճառեց դաշնակի վրայ Ասլամազեանի «Կռունկ»ի ներկայացումով:
Կոմիտաս Փառատօնը փակուեցաւ, արժանթինեան դասական պարի հռչակաւոր մենակատարներ Սիլվինա Վագարելլի եւ Վահրամ Համբարձումեան յատուկ ներկայացումով, անոնք ներկայացուցին Կոմիտաս Վարդապետի կեանքէն ներշնչուած «Լռութեան մեղեդին», ընկերակցութեամբ Հ.Օ.Մ.ի «Նայիրի» պարախումբի անդամներ Ֆէտէրիքօ Աւետիսեանի, Ռաֆֆի Մավիլեանի, Իկնասիօ Թալաթինեանի, Նիգոլաս Նագաշեանի եւ Դրօ Ճանսըզեանի:
Փառատօնի փակման բեմ հրաւիրուեցան աւելի քան հարիւր մասնակցող արուեստագէտները:
Համազգայինի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Գալուստ Ճանսըզեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ընկերութիւններուն, անձնաւորութիւններուն, հաստատութիւններուն եւ արուեստագէտներուն, որոնք իրենց սիրալիր օժանդակութիւնը հասցուցին կազմակերպիչներուն, եւ նուիրումով ու ներկայութեամբ կարելի դարձուցին Կոմիտասի յարգանքի սոյն ձեռնարկը: