
Վերջին ամիսներուն հայկական իրականութեան մէջ բաւական աչքառու կերպով լուսարձակները իրենց վրայ հրաւիրեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ կատարուած տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւնները, որոնք հիմնականին մէջ կը կրէին կրթական բնոյթ եւ հայ նոր սերունդ ու հայկական կառոյցներուն մէջ գործելու կոչուած ատակ մարդուժի պատրաստութեան առաջադրանք:
Այս բոլորին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ Համազգայինի հիմնական բնագաւառներէն մէկը կրթականը ըլլալով, միշտ ալ այդ ուղղութեամբ նոր նախաձեռնութիւններ կատարելու հետեւողական աշխատանք կը տարուի` թիրախ ունենալով տարբեր սերունդներ: Զրոյցի առանցք հանդիսացան նաեւ «Բագին»-ը, «Արդի հայերէնի հիմնախնդիրներ» վերնագիրը կրող գիտաժողովը, «Լալան ու Արան» ծրագիրը, ինչպէս նաեւ` տարբեր աշխատանքներ: