Կեդրոնական Վարչութիւն

Արդէն իսկ սկսած է գործել Համազգայինի առցանց բեմը` h-pem.com, որ հայկական իրականութեան մէջ նորութիւն է ամէն իմաստով` մօտեցում, նպատակ, բնոյթ, գործելաոճ, թիրախ, ձեւաւորում, նիւթերու մատուցման ձեւ եւ այլն: Ողջունելի այս նախաձեռնութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց h-pem.com-ի տնօրէն Լուսիկ Կիւլոյեան-Սրապեանի եւ յանձնախումբի անդամ Վաչէ Փափազեանի հետ: