
Click for the Photo Gallery
Լալէ Մանճիկեանի մակիստրոսի աւարտաճառը վերջերս լոյս տեսաւ իբրեւ գիրք` խորագիր ունենալով « Collective Memory and Home in the Diaspora: The Armenian Community in Montreal» (Հաւաքական յիշողութիւն եւ տուն` Սփիւռքի մէջ. Մոնթրէալի հայ համայնքը):
Հիմնուելով Մոնթրէալի երկու համայնքային կեդրոններու մասին կատարուած ուսումնասիրութիւններուն վրայ, այս գիրքը կը բացատրէ, թէ ինչո°ւ այդ միջանկեալ ընկերային տարածքները կը մարմնաւորեն հեռաւոր հայրենիքը, Սփիւռքը եւ տեղական բնավայրը յիշեցնող մասնիկներ:
Գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ ի°նչպէս Մոնթրէալի մէջ հաստատուած հայեր բազմաբնոյթ ինքնութիւններ կը դրսեւորեն համայնքային կեդրոններուն մէջ իրենց գործունէութեամբ եւ ի°նչպէս ազգային-համայնքային կեդրոնները հաւաքական յիշողութիւն մը կը ներկայացնեն ներկային մէջ:
Լալէ Մանճիկեան ներկայիս կը շարունակէ իր ուսումը եւ այժմ կը պատրաստէ իր տոքդորայի վկայականը (PHD) Մոնթրէալի Մգկիլ համալսարանէն ներս: 2004-ին Լալէն մասնակցած է Համազգայինի Ֆորումին իբրեւ վարիչ:
Գիրքը կը վաճառուի համացանցին վրայ զանազան Եւրոպական եւ Ամերիկեան գրքավաճառներու մօտ, ինչպէս Amazon եւ Barnes & Nobles, հետեւեալ հասցէին`
http://www.amazon.com/Collective-Memory-Home-Diaspora-Community/dp/3639048946/ref=pd_bbs_sr_1?ie=UTF8&s=books&qid=1222554763&sr=8-1