
Համազգայինի նորակազմ Լիմասոլի մասնաճիւղին հրաւէրով, Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-իի երեկոյեան, «Հեքիաթ» պատանեկան թատերախումբը Լիմասոլի մէջ ներկայացուց Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ» թատերականացուած երկը, Յարութ Թահմազեանի բեմադրութեամբ։
Նիկոսիոյ մէջ ունեցած յաջողութենէն ետք, թատերախումբը իր երկրորդ ելոյթը կ՛ունենար Լիմասոլի Արհեստագիտական Վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, ուր նշուած ժամէն առաջ լեցուած էր 90-էն աւելի հանդիսատեսներով, որ Լիմասոլի փոքր համայնքին համար աննախընթաց թիւ մըն էր։
Պատանի դերակատարներուն հեզասահ խաղարկութեամբ ընթացած ներկայացումը ընդունուեցաւ ջերմ ու խանդավառ ծափերով ու բոլորին կողմէ արտայայտուած բաղձանքով, որ նման ձեռնարկներ աւելի յաճախ կազմակերպուին Լիմասոլի մէջ։
Ահա այդ պակասը լրացնելու կու գայ Համազգայինի Լիմասոլի «Դ․ Վարուժան» մասնաճիւղը, որ իր նորակազմ «Կիլիկիա» փոքրիկներու պարախումբով ու Նիկոսիոյ մասնաճիւղի օժանդակութեամբ կազմակերպուած թատերակ եւ այլ բնոյթի մշակութային երեկոներով, պիտի ոգեւորէ Լիմասոլի հայութիւնը։