
Կեանքի մէջ աւանդ ու ներդրում ունեցող անձեր իրենց մահէն ետք կը ձգեն ժառանգ եւ այդ ժառանգը պահպանողներ: Այս ժառանգները կ՛ապահովեն տուեալ ընկերութեան շարունակականութիւնը: Կիրակի, 24 Մայիս, 2015-ին, Ֆըրն Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն ու յիշատակումի օր կատարուեցաւ, նման ժառանգներ ձգած Համազգայինի հայ կրթական մշակութային միութեան գործիչներու ու ազգային հերոսներու ի յիշատակ:
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գրական յանձնախումբին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատան մատրան մէջ Պարոյր աբղյ. Շերնէզեան հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց: Քրիստափոր Միքայէլեան յանձնախումբին անունով խօսք առնելով` ըսաւ. «Պատմութիւն բուրող սա գերեզմանատան մէջ յաւերժ կը ննջեն անմահութեան պսակն զգեցած հայ ազգի ընտրեալ, լուսաճաճանչ եւ հանճար տիտաններ, իսկ մենք այստեղ հաւաքուած, պտղունց մը խունկ, քուլայ մը աղօթք կը մատուցենք անոնց հոգւոյն` քաջ գիտնալով, որ անոնք մեր յարգանքի տուրքին կարիք չունին իրենց մեծութեամբ, այլ մենք է, որ անոնց կարիքը ունինք մեր եղծուած հոգիները նոր խանդով ու աւիւնով նորոգելու եւ մեր ձեւազեղծուած նկարագիրը կոփելու ակնկալիքով, մահէն ետք նոյնիսկ անսալով անոնց անմահացած հոգիներու դաստիարակիչ զօրութեամբ»: Ան խօսքը աւարտեց ընդգծելով, որ պատմութիւն կերտածներուն հոգիները յաւերժ պիտի թեւածեն նոր սերունդի դաստիարակութեան երկնակամարին վրայ: Ապա ան հրաւիրեց ներկաները այցելելու հոն ննջած Բարսեղ Կանաչեանին, Լեւոն Շանթին, Նիկոլ Աղբալեանին եւ Գասպար Իփէկեանին եւ անձնուրաց այլ դէմքերու դամբարանները, ուր արդէն իսկ զետեղուած էին ծաղկեպսակներ: