
Նախաձեռնութեամբ Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2012-ին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Գօլստըն բարերարներու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին մօտ, Ճեմարանի մուտքին։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, վեցերորդ կարգի աշակերտները հերթաբար ծաղիկներ զետեղեցին յուշաքարին վրայ, ապա ներկաները բարձրացան Նալպանտեան սրահ, ուր Ճեմարանի հայերէն բաժինի պատասխանատու Ասատուր Շուկայեան նախ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Հերոս Գրիգորեան՝ իր խօսքը փոխանցելու։
Հերոս Գրիգորեան նախ յայտնեց ներկաներուն, թէ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը յետ այսու ամէն տարի, Փետրուար ամսուան ընթացքին, որ կը զուգադիպի Արշակ Գօլստընի ծննդեան եւ Սօֆի Գօլստըն մահուան, Ճեմարանէն ներս յիշատակի յատուկ օր պիտի յատկացնէ՝ բարերարներու յիշատակը վառ պահելու թէ´ գաղութին եւ թէ աշակերտութեան հոգիներուն մէջ։ Ան ըսաւ. «Մեր բարերարները բոլորն ալ անխտիր արժանի են մեծ յարգանքի. անոնցմէ ոմանք նիւթապէս՝ ուրիշներ բարոյապէս օժանդակած են այս Ճեմարանին, որովհետեւ ունեցած են այն համոզումը, որ նոր սերունդը՝ այսինքն դո´ւք աշակերտներ, պէտք է մեծնաք ու ապրիք իբրեւ հայ, եւ այդ մէկը ամենալաւ ձեւով կ՚իրականանայ միայն այսպիսի ճեմարաններու մէջ»։
Յաջորդ բաժինով խօսք առաւ Ճեմարանի հայերէն բաժինի պատասխանատու Ասատուր Շուկայեան, որ նախ գնահատեց Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան յղացած այս յատուկ գաղափարը, ապա ան առանձնաբար անդրադարձաւ բոլոր հանգուցեալ բարերարներուն, որոնք են Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըներ, Սիլվա Չափրազեան, Սարգիս Փայլակեան եւ Արթըր Բանիկեան, ու ան բարձր արժեւորեց անոնց նուիրումն ու զոհողութիւնը, անոնց ունեցած տեսլականը եւ այդ տեսլականին հանդէպ ունեցած իրենց խոր հաւատքն ու համոզումը։ Շուկայեան շեշտեց, որ առանց անոնց բարերարութեան այսօր գաղութս պիտի չունենար իր ամենամեծ հայկական ամէնօրեայ վարժարանը, որ անհրաժեշտութիւն մըն է որեւէ ժողովուրդի հաւաքականութեան մը համար, որ կ՚ապրի իր մայր հողէն դուրս։ Ան խրախուսեց աշակերտները, որ բարերարներուն կտակած աւանդին արժանավայել ժառանգորդները դառնան եւ իրենց աշխատասիրութեամբ ու հայկականութեամբ պահպանեն այդ թանկագին հարստութիւնը։
Յայտագրի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Ճեմարանի 25 ամեակին առիթով պատրաստուած յատուկ խտասալիկ մը, որ կ՚ընդգրկէ Ճեմարանի բարերարներուն ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ տեղի ունեցած դէպքեր ու յիշատակելի տեսարաններ վարժարանի պատմութենէն։
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Ճեմարանի կրթական վերակացու Գարօլին Պլանտըն, որ նոյնպէս մեծ գնահատանքի եւ երախտիքի խօսքերով անդրադարձաւ այն հսկայ աշխատանքին, զոր Ճեմարանի բարերարները կատարեցին։
Յայտագրի աւարտին արժանապատիւ Տէր Նորայր Աւագ քահանայ Բաթանեան իր պատգամը փոխանցեց աշակերտութեան, ապա տէրունական աղօթքով ու պահպանիչով փակեց օրուան հանդիսութիւնը։
Յիշատակը անմար մնայ մեր հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ բոլոր այն հանգուցեալ բարերարներուն, որոնք ունեցան տեսլական եւ նպատակակէտ ու ի գին ամէն զոհողութեան եւ նուիրումի կառչած մնացին իրենց համոզումին։
Այսօր այդ համեստ ու բարի անձնաւորութիւններուն շնորհիւ, մենք կը վայելենք հայկական ամէնօրեայ վարժարան ունենալու գեղեցիկ իրականութիւնը, միաժամանակ հաւատալով որ այդ հաստատութեան տէր ու տիրական պէտք է կանգնի իւրաքանչիւր հայ, որովհետեւ այս աւանդը կտակուած է ոչ միայն փոքրաթիւ հաւաքականութեան մը, այլ՝ համայն սիտնիաբնակ հայ գաղութին։
Նորա Սեւակեան