
Հրանդ Մարգարեանի մշակութային գործունէութեան 65 եւ ծննդեան 80-ամեակներու յոբելեանը տեղի ունեցաւ 19 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Քուինզ Թհիըթեր հանրահռչակ սրահին մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։ Ձեռնարկը կը վայելէր Վեհափառ Հայրապետներուն օրհնութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան ԱՄՆի դեսպանի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութիւնները, Համազգայինի ԱՄՆի Արեւելեան Շրջանային վարչութեան եւ Նիւ Եորքի մասնաճիւղի զօրակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը։
Համազգային բնոյթ կրող այս ձեռնարկին ներկայ էին հետեւեալ կազմակերպութիւններու ՝ Էջմիածնական եւ Կիլիկեան զոյգ առաջնորդարաններու, ՀՅԴ ԿԿի, ՌԱԿի Կեդրոնական Վարչութիւն, ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւելեան Շրջանայինի եւ Մայր Մասնաճիւղի վարչութիւններ, Էսայեան Սանուց Միութեան, Վարդանանց Ասպետներու, Արենի Երգչախումբի, Հայրենիք եւ Ուիլքլիի, Պայքար շաբաթաթերթի ներկայացուցիչները եւ հոծ մշակութասէր հասարակութիւն մը։
Նախապէս, նոյնանպատակ երկու ձեռնարկներ տեղի ունեցած էին Երեւան, Մայիս 31 եւ Յունիս 3-ին նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Համազգայինի գրասենեակին, Հայաստանի Գրողների Միութեան եւ Սփիւռքի Նախարարութեան։
Արժեւորման բացարձակ չափանիշները գերազանցուեցան։ Միահամուռ՝ «Եզակի», «աննախընթաց», «բացառիկ», «հոգեպարար» «սքանչելի» որակումները ներկաներու արուեստի խստապահանջ դատումի արտայայտութիւններ էին։ Սովորաբար փրոֆէշընըլ կ՛որակուին յաջող ձեռնարկները։ Ըստ ներկաներու ջախջախիչ մեծամասնութեան արտայայտութիւններուն, ե-նամակներուն, հեռախօսային կապերուն, այս մէկը, ե՛ւ բովանդակութեամբ ե՛ւ նորարարութեամբ ե՛ւ գործադրութեամբ այդ որակումին պայծառագոյն օրինակը հանդիսացաւ։
Ձեռնարկը սկսաւ քուլիսներէն երրեակ հանդիսավարներու հրաւէրով՝ որ յոտընկայս ունկնդրեն Վեհափառ Հայրապետներուն կոնդակները։ Տէր Վազգէն Ծայրագոյն Վարդապետ Քարայեան եւ Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Հոգեշնորհ Հայր Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Եմիշեան յաջորդաբար ընթերցեցին Գարեգին Բ․, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի կոնդակները։ Ապա հրաւիրեցին Հրայր Պարոնեանը փոխանցելու Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը եւ Խաչիկ Ճուխաճեանը՝ ՆԵի վարչութեան խօսքը։
Ձեռնարկին առաջին բեմադրական «տարօրինակութիւնը» ի յայտ եկաւ երբ երրեակ արհեստավարժ հանդիսավարներ՝ Վեհ Պզտիկեան, Նաթալի Գաբրիէլեան եւ Երազ Մարգարեան բեմի երկու կողմերէն ներս մտան աշխոյժ, խանդավառ՝ «բարի երեկոյ, բարի եկած էք» խօսքերով՝ հանդիսատեսը կապելով բեմին։ Սկսած էր յայտագիրը։
Երրեակը մեզ հրաւիրեց ճամբորդելու Հրանդ Մարգարեանի կեանքի արահետներով․․․
Բացառիկ շարժանկար մը, «Ուղեւորը» խորագրով․ որը կեդրոնացած էր Մարգարեանի կեանքի չորս հանգրուաններուն՝ Ծննդավայր – Մարկիլ, Պասրայ, Իրաք-, Պաղտատ, Իրաք, ԱՄՆ եւ անոնց պսակը հանդիսացող Հայաստան։ Երեսուն հինգ վարկեան տեւող ֆիլմով մենք տեսանք ու լսեցինք Մարգարեան մտաւորականը, հայը, գլխագիր ՀԱՅը, իր աշխարհայեացքով, մտահոգութիւններով Հայը․․․ ։ Ֆիլմը պատրաստուած էր Հայաստան։ Պատրաստողները՝ Արտուր Մկրտիչեան, հեղինակ, Արտուր Պապեան, բեմադրիչ եւ Արտուր Օրդոյան նկարահանող։
Ապա հեզասահօրէն մեծադիր պաստառին վրայ երեւցաւ՝ Խրիմեան Հայրիկի նկարը․․․ Ներս մտաւ գաւազանի ազդու համաչափ հարուածներով պատկառազդու Հայրիկին կերպարանքով, նոյնիքն Մարգարեան։ Տասը վայրկեանի մէջ, արհեստավարժ բեմական դրսեւորումներով տեսանք Պերլինի վեհաժողովի պատգամաւորներու անտարբեր կեցուածքները, Հայրիկի յուզումը․․․
Երրեակը ապա թուեց հայ եւ օտար բազմաթիւ այն կազմակերպութիւնները, որոնց հետ եւ համար ելոյթ ունեցած է Մարգարեան․․․ Անցանք նորութիւններով առլցուն Մարգարեանի գեղարուետական ստեղծագործական աշխարհը։
Առաջին անգամ ըլլալով լսեցինք Մարգարեանի բանաստեղծութիւններու վրայ յօրինուած երեք նոր երգեր՝ «Մանկութիւն» «Հայաստան» եւ «Ծաղրածուն»։ Առաջին երկուքի խօսքերն եւ երաժշտութիւնը Մարգարեանին էին, իսկ երորդինը՝ խօսք Մարգարեանի յօրինում Պերճ Թուրապեանի։
Բեմ հրաւիրուեցաւ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի շրջանաւարտ, Նիւ Եորքի Ս․ Լուսաւորիչ Մայր Եկեկեցւոյ դպրաց դասի ղեկավար մեներգչուհի Անահիտ Զաքարեան, որ՝ պաստառի վրայ սփռուած երեխայի մը պատկերին հետ սքանչելի զգացումով մեկնաբանեց Մարգարեանի «Մանկութիւն» երգի նրբութիւնները։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ազնաւուրի երգերու յայտնի մեկնաբան, յօրինող, երգիչ, բանաստեղծ Պերճ Թուրապեան, որ իր յօրինումով, կիթառի ընկերակցութեամբ իւրայատուկ ձեւով մեզ տարաւ Մարգարեանի բանաստեղծութեան հտպիտներու բարդ աշխարհը․․․
Մարգարեանի՝ «Հայաստան» երգը, -խօսք եւ երաժշտութիւն Հրանդ Մարգարեանի- պաստառի վրայ մեկնաբանեց Հայաստանցի երիտասարդ պարիթոն Արսէն Գէորգեան դաշնակի ընկերակցութեամբ փրոֆ․ Մարգարիտ Սարգսյանի։ Զգլխիչ էին ընկալումները։
Պաստառին վրայ Մայր Հայաստան պատկառելի յուշարձանն էր։ Ներս մտան Հրանդ Մարգարեանի հետ բազմիցս բեմ բարձրացած արուեստագիտուհի դերասանուհիներ՝ Էլիզապէթ Խօտապաշեան եւ Լուսին Ճիրճիրեան, որոնք մէջ-ընդ-մէջ եւ բացառիկ զուգընթերցումով ներկայացուցին Մարգարեանի՝ «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը։
Թատերական երկու տեսարաններ ներկայացուեցան․․ Առաջինը Մարգարեանի՝ «Սողոմոն Թէհլիրեան» թատերախաղէն, Սողոմոնի մենախօսութիւնը իր մօր հետ։ Թորոս Թերվիզեան Սողոմոնի եւ Նաթալի Գաբրիէլեան մօրը կերպարով խոր ըմբռնումով մարմնաւորեցին այդ խիստ զգացական տեսարանը։ Երկրորդ տեսարանը, Մարգարեանի՝ «Վարդանանք»էն՝ Վարդանի վերջին ճառն էր, որ խրոխտօրէն ներկայացուց Վեհ Պզտիկեան։
Ելոյթ ունեցան մտաւորականներ եւ իրենց սրտակցական խօսքեր ըսին՝ Յակոբ Վարդիվառեան, Պայքար Օրաթերթի խմբագիրներէն, Յարութիւն Մըսրլեան, Բժ․ Ճորճ Տէր Մխսեան, բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեան։ Իրենց ելոյթներով արտայայտուեցան Մարգարեանի կատարած աշխատանքներու մասին։ Փրոֆ. Րիչըրտ Յովհաննէսեան տեսերիզով կը դրուատէր Մարգարեանի՝ Համազգայինի կոչումին հաւատարիմ եւ անվերապահ նուիրումը։ Ան հիացումով արտայայտուեցաւ, թէ ի՛նչպէս Մարգարեան իր՝ «Ազատութեան ճանապարհին» առաջին գիրքէն բեմադրութիւն պատրաստած էր: Ամերիկահայ Բժշկական Հիմնադրամի նախագահ Վահէ Պալուզեան տեսերիզի պատգամով վեր կ՛առնէր Մարգարեանի աւելի քան քսան տարիներու վարիչ քարտուղարի հսկայական ներդրումը հիմնադրամի ծրագրումներուն եւ գործադրութեան աշխատանքներուն մէջ։
Յայտագրի վերջաւորութեան ցուցադրուեցաւ ութ վայրկեան տեւող շարժանկար մը «Ես Արցախն եմ» խորագրով։ Ծրագրի վերջաւորութեան Երրեակը բեմ հրաւիրեց Յոբելեարը։ Միահամուռ յոտնկայս յարգանքի արժանացաւ արժանագոյնը՝ Հրանդ Մարգարեան։ Ան բեմ հրաւիրեց բոլոր մասնակցողները։ Շնորհակալութիւն յայտնեց։ Բեմ հրաւիրեց իր կողակիցը, կեանքի ընկերուհին՝ Տոքթ․ Ժանէթը, զոր որակեց «իմ թիւ մէկ քննադատը։»
Մարգարեանի տարեդարձին նուիուած նուիրատուութիւնները ամբողջովին պիտի յատկացուին՝ Հայաստանի եւ Արցախի ճակատները պահպանող զինուորներուն, վիրաւոր զինուորներու վերականգնողական աշխատանքներուն եւ նահատակ զինուորներու զաւակներու ուսման հայթայթման։ Նուիրատուութիւնները կարելի է յղել ԱՄՆի մէջ տուրքէ զերծ libra-6 productions, Inc. կազմակերպութեան եւ ուղարկել՝ 160 Waters Edge, Congers, NY 10920.
Այս առթիւ յուշամատեան գրքոյկ մը հրատարակուած է, ուր Վեհափառներու կոնդակները, հոգեւորական, քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական, հասարակական զկազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ մտաւորականներու արտայայտութիւնները զետեղուած են։ Գրքոյկին մէջ են մինչեւ ձեռնարկին թուականը նուիրատուներու անունները։ Այնտեղ տրուած են նաեւ Մարգարեանի մշակութային գործունէութեան խտացուած պատկերը։
Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր մասնաճիւղի բազմավաստակ, համահայկական առումով կարկառուն անդամ, ընկեր Հրանդը՝ Հայ ժողովուրդին շնորհած իր մշակութային արգասիքին համար, իր միութենական նուիրուածութեան եւ անսահման ներդրումին համար։ Կը մաղթենք քաջառոջութիւն եւ երկար կեանք։ Նորանոր անկոխ, անտատասկ ճանապարհ։
Բարի երթ, ընկեր Հրանդ։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ