
Շաբաթ, 3 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Պաֆոսի մէջ տեղի ունեցաւ անհաւատալի, սակայն հրաշալի երեկոյ մը: Առաջին անգամ ըլլալով, Պաֆոսի մէջ կազմուած Համազգայինի «Անի» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ Պաֆոսի հայ համայնքին համար, որ գրեթէ լրիւ կազմով ներկայ գտնուեցաւ ու վայելեց իսկապէս հայկական երեկոյ մը՝ «Կիկոսի Մահահա»ն, որ Յովհաննէս Թումանեանի «Կիկոսի Մահը» հեքիաթին վրայ հիմնուած պարային բեմականացում մըն էր:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայ Համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ կինը, ինչպէս նաեւ՝ Համազգայինի Վարչութիւնը լրիւ կազմով:
Յայտագիրը սկսաւ Համազգայինի «ֆորումական» Մարիամ Մասուրեանի արտասանած բացման խօսքով, որուն յաջորդեց Համազգայինի Կիպրոսի Կազմի վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի հակիրճ խօսքը: Ան ըսաւ, որ մեծ հաճոյք էր Պաֆոսի մէջ գտնուիլը, իսկ կրկնակի հաճոյք՝ Համազգայինի վարչութեան համար, քանի որ ելոյթ կ՛ունենար «Անի» պարախումբը, որ մէջտեղ եկած էր Պաֆոսի հայ համայնքի զոհաբերութեամբ եւ Համազգայինի Յանձնախումբին անդուլ աշխատանքով, մանաւանդ՝ Իրինա Մասուրեանի կամքի ուժով ու հետեւողականութեամբ: Ապա ան Համազգայինի գնահատանքի գիրով երկու վահանակներ նուիրեց Իրինա Մասուրեանին ու Պաֆոսի Հայ համայնքի նախագահ Վարդան Մխիթարեանին:
Ապա ընթացք առաւ բեմադրութիւնը, որուն ընթացքին «Անի» պարախումբի 23 անդամները, ամենափոքրիկներէն մինչեւ երիտասարդութեան սեմին գտնուող պատանիները, համարձակութեամբ եւ հաճոյքով ներկայացուցին «Կիկոսի Մահը», աւելի մեծ հաճոյք եւ յուզում պատճառելով ներկայ ծնողներուն ու հիւրերուն, որոնք խելայեղ ծափահարութեամբ գնահատեցին ելոյթը:
Երախտագիտութեան խօսք պէտք է ըսել պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանին, որ տարի մը առաջ հազիւ քալել կրցող այս պզտիկներով պարախումբ կազմեց ու Իրինա Մասուրեանին, որ յունական դպրոց յաճախող եւ հայերէն հազիւ քանի մը բառ գիտցող այս մանուկներուն, Թումանեան արտասանել տալով բեմ բարձրացուց:
Վարձքը կատար բոլորին, չմոռնալով նաեւ յանձնախումբի անդամ «մամա»ները, որոնք հանդիսութենէն ետք շքեղ հիւրասիրութեամբ մը պատուեցին ներկաները: