
Չորեքշաբթի 10 Ապրիլ 2019-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Պոսթընի Մասնաճիւղին, «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճանաչում եւ Դատապարտում. Երիտասարդ Թուրքերի Դատավարութիւնները (1919-1921 Եւ 1926 թուականներուն) » (Acknowledgement and Condemnation: The Trials of the Young Turks in 1919-1921 and 1926) անգլերէն գիրքի շնորհանդէսը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Համազգայինի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Արեւիկ Գաբրիելեան եւ խորհրդատու Նանոր Պարսումեան, Պոսթընի մասնաճիւղի եւ ընթերցասէր գաղութի անդամներ: Բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ Խաժակ Մկրտիչեանը։Ապա, փոխ-ատենապետ Վերժինի Թուլումեան ծանօթացուց ներկաներուն թրքագէտ՝ դոկտ, Մելինէ Անումեանի կենսագրութիւնը, որ բեմ բարձրանալով, սահիկներու ներկայացումով խօսեցաւ գիրքի բովանդակութեան մասին։ Գիրքը կը ներակացնէ 1919-1921 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան ռազմական արտակարգ ատեաններուն մէջ, հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մեղադրանքով յարուցուած դատական գործերու եւ 1926 թուականին Թուրքիոյ անկախութեան օրերուն, դատարաններուն մէջ կայացած երիտասարդ թուրքերու դատավարութիւններու ուսումնասիրութիւնները: Դատավարութիւններու փաստաթուղթերը ներկայացնելով, ան նշեց, թէ բազմիցս կ’օգտագործուին «տեղային եւ զանգուածային բազմաթիւ սպանութիւնները» բացատրութիւնը, որ կը բնութագրէ 1946-ին Ռաֆայէլ Լեմքինի ներկայացուցած «Ցեղասպանութիւն» բառը: