
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ վաստակաւոր համազգայնական, մտաւորական եւ մանկավարժ՝
ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 15 փետրուար 2009-ին:
Գրիգոր Շահինեանի կենսագրական գիծեր.
Ծնած է 13 Նոյեմբեր 1930-ին, Պէյրութ: Աւարտած է Համազգայինի Ճեմարանը, ապա ուսումը շարունակած է Պրիւքսէլի Ազատ համալսարանին մէջ՝ մասնագիտանալով մանկավարժութեան եւ գրականութեան մէջ, իբրեւ Ճեմարանի սան: Այս համալսարանէն ստացած է Պսակաւոր արուեստներու, ապա 1956-ին նաեւ Ուսուցչական աստիճան: Շահան Շահնուրի ստեղծագործութիւնը ուսումնասիրող տոքթորական աւարտաճառ պաշտպանած է 1979-ին Փարիզի Սորպոն համալսարանի գրականութեան բաժնին մէջ, իսկ 1994-ին՝ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:
Գրիգոր Շահինեանի կոչումը մանկավարժութիւնն էր: Լեւոն Շանթի հաւատարիմ աշակերտն էր ան.1950-էն սկսեալ երկար տարիներ դասաւանդած է Ճեմարանի՝ իր բնորոշումով «իր երկրորդ տան» մէջ: Դասաւանդած է նաեւ Ֆրեռներու դպրոցին, Հայկազեան Գոլէճին եւ Զարեհեան դպրեվանքին մէջ: 1970-1994 Ֆրանսական գրականութիւն դասաւանդած է Լիբանանի պետական համալսարանը: 1990-ականներուն արեւմտահայ գրականութեան եւ գլխաւորաբար Լեւոն Շանթի գրականութեան մասին կարճ դասընթացներ վարած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանին, Արցախի պետական համալսարանին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, ինչպէս նաեւ հայերէնի դասեր՝ Վենետիկի ամառնային դասընթացներու ծիրէն ներս: 1987-ին հիմնադրած է եւ մինչեւ 2007 ղեկավարած է Անթիլիասի Խաչեր Գալուսետան մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոնը:
Աշխատակցած է Պէյրութի «Այգ», «Ազդակ», Փարիզի «Յառաջ», Գահիրէի «Յուսաբեր», Պոլսոյ «Մարմարա», Լոս Անճելոսի «Ասպարէզ» օրաթերթերուն, Պէյրութի «Ակօս», «Բագին», «Տիրասաթ», Երեւանի «Գարուն», «Սովետական Արուեստ», «Նորք», Պոսթընի «Հայրենիք», Մոնրէալի «Հորիզոն», Թրուայի «Cahiers Bleus» հանդէսներուն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» եւ Հայկազեան Գոլէճի հայագիտական հանդէսներուն: 1966-ին հիմնադրած եւ ղեկավարած է «Ահեկան» մշակութային հանդէսը:
Հրապարակած է բազմաթիւ գրականագիտական յօդուածներ: Հեղինակ է Լեւոն Շանթի, Գուրգէն Մահարիի, Շահան Շահնուրի, Համաստեղի գրականութեան նուիրուած մենագրութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ գրականութիւնը Ֆրանսերէնով ներկայացնող «Panorama de la literature armenienne» ու «Oeuvres vives de la literature armenienne» եւ յուշերու հատընտիր «Վերաքաղ» հատորներուն: Խմբագրած, թարգմանած եւ հրատարակութեան պատրաստած է նաեւ գրականագիտական եւ արխիւային փաստաթուղթերու բազմաթիւ հատորներ:
Գրիգոր Շահինեանի գուրգուրանքի յատուկ առարկան էր հայալեզու մանկապատանեկան գրականութիւնը: Իր նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած է Խաչեր Գալուստեան կեդրոնի մանկապատանեկան մատենաշարը, որուն հատորներուն մեծ մասին կամ հեղինակն էր ան, կամ պատշաճեցնողը եւ հրատարակութեան պատրաստողը:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան գործունեայ անդամ էր: Իր ղեկավարած Շրջանային Վարչութեան կազմի օրով եւ իր նուիրուած ու խանդավառ ճիգերուն շնորհիւ հիմնադրուած է «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը: Ան եղած է նաեւ ՀՄԸՄի անդամ:
Գրիգոր Շահինեան դասախօսութիւններ ունեցած է Լիբանանի, Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ՝ ընդառաջելով հայ բոլոր միութիւններու հրաւէրներուն՝ առանց գաղափարական, յարանուանական կամ միութենական խտրականութեան:
1964ին ամուսնացած է Արաքսի Սրապեանին հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով՝ Շաղիկ, Յասմիկ եւ Նանէ:
Ան իր մահկանացուն կնքեց Պէյրութի մէջ, 15 Փետրուար 2009ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Գրիգոր Շահինեանի մահուան առիթով արտասանուած դամբանական խօսքերը կարդալ «Յօդուածներ» գլուխին տակ: