
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ իր նախկին անդամուհիներէն՝
ԳԵՂԱՐՓԻ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆԻ (Տէր Մելքոնեան)
մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 1 Փետրուար 2010ին, իր բնակարանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 4 Փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ (Պէյրութ), ուրկէ հանգուցեալի մարմինը փոխադրուեցաւ ՖըրնՇըպպէքի Ազգային գերեզմանատունը: