
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը անհուն կսկիծով կը գուժէ Համազգայինի Աւստրալիոյ «Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն» Ճեմարանի բարերար ՍՕՖԻ ԳՕԼՍՏԸՆի մահը, որ պատահեցաւ 9 Փետրուար 2011-ին, Աւստրալիոյ մէջ։
Սօֆի Գօլստըն ծնած է Կալկաթա, Հնդկաստան, 9 Օգոստոս 1921 թուականին: Ան դուստրն էր Ճորճ եւ Հայկանուշ Մանսուրներու: Ունեցած է չորս քոյրեր եւ երկու եղբայրներ: Եղած է ընտանիքին 5-րդ զաւակը: Ուսումը ստացած է Կալկաթայի մէջ եւ վայելելով բարեկեցիկ կեանք՝ ունեցած է շատ ուրախ եւ հաճելի մանկութիւն:
1956 թուականին առաջին անգամ ըլլալով հանդիպած է Արշակ Գօլստընին, երբ ան առեւտրական գործով Կալկաթայէն անցնելով դէպի Եւրոպա ուղեւորութեան ելած էր: 16 Նոյեմբեր 1957-ին ամուսնացած է Արշակ Գօլստընին հետ եւ իր ամուսնոյն հետ ապրած է Սինկափուրի մէջ մինչեւ 1982 թուականը: Սօֆին եղած է գլխաւոր աջակիցը Արշակ Գօլստընին, անոր առեւտրական գործերու ուշագրաւ յաջողութիւններուն ընթացքին:
1982-ին իր ամուսնոյն հետ հաստատուած է Սիտնի, Աւստրալիա, եւ իր վկայութեամբ առաջին անգամ ըլլալով լծուած է տնային աշխատանքի, հոգալու համար ընտանիքի տնային կարիքները: Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ան եղած է համեստ, բարի ու օրինակելի հայուհի մը եւ արժանացած է իր շրջապատի անվերապահ սիրոյն ու գնահատանքին: Իր բարեսիրական կեցուածքին ու հայրենանուէր ոգիին շնորհիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իրեն շնորհած է Կիլիկիան Իշխանուհիի շքանշան եւ աւելի ուշ, իբրեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիկոս շնորհած է իրեն ու ամուսնոյն Կաթողիկոսական Կոնդակ։