
«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի՝ 29 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Թեսաղոնիկէի «Հնագիտական Թանգարան»ի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան 101-րդ տարեդարձին նուիրուած գեղարուեստական ձեռնարկ, ներկայութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւին, շրջանէն ներս գործող ազգ. կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ՝ հոծ բազմութեան։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Համազգային»ի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Անահիտ Գարաօղլանեան, որ բարի գալուստ մաղթեց, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց օրուան ձեռնարկին կարեւորութեան մասին։ Խօսք առաւ Թեսաղոնիկէի երաժշտական դպրոցներու միութիւններու ատենապետ՝ Եորղոս Գոստանդինիտիս, որ շնորհաւորեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան 101-րդ տարեդարձը եւ մաղթեց, որ Թեսաղոնիկահայութիւնը շարունակէ միշտ այսպիսի մշակութային ձեռնարկներով ճոխացնել համայնքային կեանքն ու առաւել ապագայատեսիլ հեռանկարներով իր մասնակցութիւնը բերել...