
«Ազատ Օր» օրաթերթ.- «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2020-ի կէսօրուան, Դիմատետրի իր էջին վրայ վրայ ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 102-րդ տարեդարձին նուիրուած առցանց գեղարուեստական ձեռնարկը։
Որոշուած ժամուն, ելոյթը սկսաւ Ռոզա Թէրզեանի կողմէ ջութակի նուագակցութեամբ Ալան Յովհաննէսի «Ջահակիր» գործէն մասով մը, ապա յունարէն լեզուով հանդէս եկաւ Տիգրան Սարգսեան՝ ուղերձ ուղղելով տօնին կարեւորութեան համար։ «Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը, պարուսոյց ունենալով Ռաֆայէլ Վարդազարեանը, հայկական աւանդական ճոխ պարերով հանդէս եկաւ ու առաւել մթնոլորտ ստեղծելով կարողացաւ մայիսեան փառատօնին արժէքը վառ պահել մշակութային արուեստի ճամբով։
Հուսկ, Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային վարչութեան Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» ծաղկոց շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտներէն՝ Մարիա Շատինովա, Աննա Խաչիեւ եւ Մարիա Խաչիեւ ասմունքեցին Համօ Սահեանէն եւ Եղիշէ Չարենցէն բանաստեղծութիւններ։ Ապա, սրտի խօսքով եւ տօնին նուիրուած ուղերձով հանդէս եկաւ «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Տիգրան Հէքէքեան, որ ցուցադրեց իր երգչախումբի կատարողութիւններէն՝ Առնօ Պապաճանեանի «Տղերքը, որոնք չկան…» գործը, որ կատարուած էր Թեսաղոնիկէի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով։ Յայտնենք, որ սոյն տեսանիւթի պատրաստութիւնը կատարեց մեր երիտասարդներէն՝ Վահագն Կարապետեան։
Ելոյթը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» երգի ներկայացումով։