Կիրակի, 5 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքի եզրափակիչ հանդիսութիւնը եւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հայկական վարժարաններու տնօրէններ, մեծ թիւով ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ:
Բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի գրատարածի բաժանմունքի պատասխանատու Մարալ Գալեմքերեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հաստատութիւններուն, միութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք սատարեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան, ապա հրաւիրեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը՝ փոխանցելու իր խօսքը: Հաւաթեան շեշտեց, որ հաւաքական ճիգով այսպիսի ձեռնարկներ անպայման կարելի է իրենց յաջող լրումին հասցնել, եւ այդպէս ալ եղաւ: Ան ըսաւ, որ յառաջիկայ տարի այս ծրագիրը պիտի ընդգրկէ այլ մարզեր եւ դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը, բոլոր վարժարաններուն պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցաբար պիտի մշակուի ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը պիտի երկարի քանի մը ամիսներու վրայ, իսկ աւարտական մրցանքները տեղի պիտի ունենան մանկապատանեկան գիրքերու ցուցահանդէսի ընթացքին:
Հրատարակչատան տնօրէնը անդրադարձաւ արաբերէն ընթերցանութեան մրցանքին՝ վեր առնելով այն երեւոյթը, որ դատական կազմի հաստատումով, որուն մաս կը կազմէին երկու արաբ ուսուցիչներ, հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտները ունեցած են տպաւորիչ մասնակցութիւն եւ արձանագրած փայլուն արդիւնքներ: Այս հանգամանքը մեկնակէտ ունենալով՝ Հաւաթեան աւելցուց, որ կեղծ ու շինծու են կարգ մը ծնողներու այն պատճառաբանութիւնները՝ արաբերէնի յաւելեալ իրազեկութեան համար իրենց զաւակները օտար վարժարան ուղարկելու առումով: Փաստօրէն հայկական բոլոր վարժարանները այսօր ի վիճակի են բոլոր լեզուներուն քաջածանօթ սերունդ պատրաստելու՝ հայեցի անփոխարինելի միջավայրի մէջ, հաստատեց ան: Հաւաթեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս ծրագիրի յաջողութեան:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Զանի Մեսրոպեան ներկայացուց մրցանակակիրները: Պատմողական բաժնի մրցանակակիր աշակերտներուն նուէրները փոխանցեց հրապարակագիր, գրագէտ եւ մանկապատանեկան գիրքերու հեղինակ Ճորճ Աբէլեան: Հայերէն ընթերցանութեան մրցանակակիր աշակերտներուն նուէրները փոխանցեց վաստակաւոր կրթական մշակ եւ հայերէն դասագիրքերու հեղինակ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան: Անգլերէն եւ արաբերէն ընթերցանութեան մրցանակատուչութիւնը կատարեց վաստակաւոր տնօրէն եւ կրթական մշակ Սոնա Նաշեան, որ այս առիթով փոխանցեց նաեւ իր սրտի խօսքը՝ գնահատելով այս նախաձեռնութիւնը: Ֆրանսերէն ընթերցանութեան մրցանակակիրներու նուէրները փոխանցուեցան ֆրանսերէնի ուսուցչուհի եւ դատական կազմի անդամ Անի Կէօքճեանի կողմէ: Գրաւոր բաժնի մրցանակակիրներու նուէրները փոխանցեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան:
Մրցանակաբաշխութենէն ետք տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս-վաճառքի կտրօններու վիճակաձգութիւնը: Բախտաւորը շահեցաւ Երեւան երթուդարձի տոմս մը՝ տրամադրուած «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ին կողմէ: