Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Հովանաւորութեամբ Մշակոյթի Նախարարութեան եւ ներկայութեամբ Մշակոյթի Նախարարին, ինչպէս նաեւ՝ Հալէպի Նահանգապետին, Ոստիկանապետին եւ Կուսակցապետին Հինգշաբթի, 28 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան արուեստագէտներու սէնտիքայի սրահէն ներս կայացաւ Մանուկներու Համաշխարհային օրուան առթիւ փառատօնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին արաբական այլ խումբերու կողքին Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերը, ինչպէս նաեւ՝ մեներգող Լիւսի Յովհաննէսեան Այվազեան, եւ հանդիսատեսին պարգեւեցին հաճելի պահեր ու արժանացան բարձր գնահատանքի։