
Կիրակի, 19 Մայիս 2019-ին, կ.ե. ժամը 2:00-էն 4:00-ի միջեւ, Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզասրահին մէջ, նշուեցաւ Միջազգային «Մանուկներու օր»ը, կազմակերպութեամբ «Société du patrimoine d'expression du Québec»-ի եւ համագործակցութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Անի» պարախումբի յանձնախումբին։ Ներկայ էին SPEQ-ի եւ Folklore Canada-ի տնօրէնները իրենց կողակիցներով, տասը տարբեր համայնքներու պարախումբեր եւ երգչախումբեր իրենց ղեկավարներով, Համազգային «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ՝ 400-ի հասնող հանդիսատեսներ։ UNESCO-ի հեղինակած միջազգային այս տօնը ընդհանրապէս կը նշուի Յունիսի 1-ին, նպատակ ունենալով՝ ճանչնալ երեխաներու կարեւորութիւնը եւ հասարակութիւններու միջեւ կերտելու աւելի փայլուն ապագայ մը։
Համազգայինի բարի գալուստի եւ շնորհակալական սրտի խօսքը փոխանցեց՝ «Folkore Canada»-ի եւ «SPEQ»-ի մօտ «Անի» պարախումբի յանձնախումբէն ներկայացուցիչ՝ Սիլվի Մերճանեանը։ Օրուան հանդիսավար Catherine Moreau, ամէն մէկ խումբը հրաւիրելէ առաջ, փոքր բացատրական մը ներկայացուց պարի շարժումներուն կամ երգի իմաստին մասին։ Միջոցառման իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ խումբերը՝ Ensemble de danse arménienne "Ani" de Hamazkayin, La chorale "Nanor" de Hamazkayin, Groupe folklorique chilienne "Arco Iris", Troupe de danse folklorique hongrois "Bokreta", Centre culturel tatar "Miras", Troupe de danse moldave "Vatra", La compagnie de danse "Balkani, Studio de danse chinoise "Petit rêve", Ensemble de danse "Rousskiye Ouzory".
Մեծ էր խանդավառութիւնը փոքրիկներուն մօտ, որոնք անհամբեր, հերթ սպասելով, ջանք չխնայեցին լաւագոյն ձեւով ծանօթացնելու իրենց մշակոյթը ներկաներուն, եւ մանաւա՛նդ ուշի-ուշով հետեւեցան եւ բուռն ծափերով ողջունեցին միւս խումբերուն ելոյթները։ Ընդմիջումներուն, Mme France Bourque-Moreau-ն, հմտօրէն զբաղեցուց փոքրիկները զիրենք հրաւիրելով բեմ՝ միասնաբար հետեւելու իր քայլերուն եւ երգերուն, ընկերակցութեամբ ժողովրդական գործիքներով օժտուած՝ Քէպէքցի նուագախումբին։ Դադարին, ներկաները վայելեցին «Անի» պարախումբի յանձնախումբին պատրաստած հարուստ հայկական քաղցրեղէններն ու խմորեղէնները։
Ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ «Կամք»էն սկաուտներ, որոնք ստանձնած էին օրուան կարգ ու կանոն պահելու պատասխանատուութիւնը։ Աւարտին, «Անի» պարախումբի երեց անդամներ, հրաւիրեցին բոլոր ներկաները միասնաբար պարելու հայկական «Վերվերի» շուրջպարը։