
Իր ծննդավայրէն` Լիբանանէն հեռանալէ եւ Հայաստան ներգաղթելէ աւելի քան 70 տարի ետք, հայ մեծ երաժիշտ մայեսթրօ Տիգրան Մանսուրեան այս օրերուն դարձեալ կը հիւրընկալուի լիբանանահայ գաղութին կողմէ` հրաւէրովը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Հայ հասարակութեան մէջ գլխաւորաբար ֆիլմարուեստի աշխարհին համար յօրինուած իր երաժշտութիւններով ծանօթ Տիգրան Մանսուրեան Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի մեծ ընտանիքին նախաձեռնութեամբ մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց եւ հանդիպումին պաշտօնական ու գեղարուեստական բաժինը վարեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը եւ ընդգծեց, որ այս հանդիպումը յիշարժան եւ բացառիկ երեկոյ մը պիտի ըլլայ ներկաներուն համար` մեծ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի ներկայութեան:
Տիգրան Մանսուրեանը ներկայացուց Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար, խմբավար Զաքար Քէշիշեան: Ան նշեց, որ Տիգրան Մանսուրեանի հետ իր մտերմութիւնը կու գայ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ իր ուսանողութեան տարիներէն, երբ Մանսուրեան այդ երաժշտանոցին տնօրէնն էր: Մանսուրեան տակաւին 10 տարեկան չէր, երբ Հայաստան ներգաղթած է եւ իր ծնողքին հետ բնակած է Արթիկի շրջանին մէջ, նախակրթութիւնը ստացած է Գիւմրիի մէջ, սակայն շուտով հաստատուած է Երեւան եւ հետեւած բարձրագոյն երաժշտական ուսման: