
Մարսէյի Համազգայինի Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ 7 Յունիս, 2019-ին։ Օրուան հովանաւորն էր դպրոցին բարեկամ՝ Տէր. եւ Տիկ. Ալէն Քասքասեան. ընտանիք մը, որ միշտ նեցուկ կանգնած է Համազգային դպրոցին։ Ներկայ էին Մարսէյի քաղաքապետարանի եւ 11-12 րդ շրջանի երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքապետարանի վաճառականական ձեռնարկներու ներկայացուցիչ Տիտիէ Փարաքեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Եւրոպայի ներկայացուցիչ Սելլա Թնճուկեան, դպրոցի հիմնադիրներէն Ատոմ Թնճուկեան, Մարսէյի դպրոցի խնամակալութիւնը, Courant d’Art-ի անձնակազմը եւ աւելի քան 200 հիւրեր։
Նախքան հանդիսութիւնը՝ դպրոցի շրջաբակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ապա հիւրերը ուղղուեցան դպրոցէն ներս դասարան մը կնքելու Անահիտ Տէր Մինասեան անունով՝ Տէր Արշէն Մովսէսեանի օրհնութեամբ։ Ժամը իննին ներկաները առաջնորդուեցան ընթրիքի, դպրոցի սրահէն ներս։ Երեկոյի հանդիսավար Ռաֆֆի Քութզուզեան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց խնամակալութեան Բ. ատենապետ Նինա Շուշանեանը։ Ան բարի գալուստ մաղթեց բարեկամ ֆրանսացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն եւ ներկաներուն, դպրոցի զանազան վարչական կազմերու անունով։ Երախտագիտութիւն յայտնեց Յակոբ Պալեանի, հանգուցեալ Լուսին Մալիքեանի եւ Սեդա Պիւպերեանի տարիներու ընթացքին տնօրէնութեան պաշտօնը վարած ըլլալնուն համար, եւ ներկայացուց դպրոցի 39 տարիներու յառաջխաղացքը։ Ընկերուհին յոյս յայտնեց, ըսելով որ դպրոցը այսօր նոր էջ մը կը բանայ, դպրոցի ընտանիքի անդամ Շաքէ Ժամկոչեանի տնօրէն նշանակումով։ Ան բացատրեց, որ 400 աշակերտներով Համազգայինի դպրոցը ներկայիս կը գործէ արդիական միջոցներով: Դպրոցին կը սատարեն տնօրէնութիւնը եւ իր վարչական կազմերը, ուրախութեամբ յայտնեց որ քաղաքապետութիւնը տեսնելով դպրոցի արդիւնքները եւ վստահելով Խնամակալութեան լուրջ հոգատարութեան՝ պատրաստ է կալուածը շատ յարմար գինով դպրոցի սեփականութիւնը դարձնելու։
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ խնամակալութեան Ա. ատենապետ Ժիլպեր Մարքոյեան, որ ներկայացուց պատուոյ սեղանի հիւրերը եւ մասնաւորապէս յիշեց Մարսէյի մէջ Քասքասեան ընտանիքի մտերմութիւնը Աւետիս Ահարոնեանի հետ եւ անոնց ցուցաբերած հոգատարութիւնը, երբ ան հիւանդ էր։ Քասքասեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ դպրոցին զօրավիգ կանգնիլը ոչ միայն պարտականութիւն է, այլ նաեւ՝ հաւատք. ան գնահատեց դպրոցի յառաջդիմութիւնը, շեշտեց մասնաւորապէս կարեւորութիւն տալ նաեւ երիտասարդներու մարմնամարզին։
Ապա, խօսք առաւ Համազգայինի կեդրոնական Վարչութեան անդամ Սելլա Թնճուկեան. ան նախ վերյիշեց 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Համազգայինի 90-ամեակի հանդիսութենէն յուզիչ դրուագներ: Ներկայացուց Եւրոպայի Համազգայինի մասնաճիւղերու գործունէութիւնները եւ յոյս յատնեց մշակութային աշխատանք տանիլ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ, ուր հայեր արտագաղթած են։ Ընկերուհին աւելցուց, որ միասնական ձեռնարկներու ծրագրաւորումի աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են։
Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան իր եզրափակիչ պատգամին մէջ գնահատեց դպրոցի խնամակալութեան անձնակազմի եւ Courant dArt-ի մշակութային աշխատանքները, յիշեց նախկին տնօրէններէն Յակոբ Պալեանի եւ Լուսին Մալիքեանի ներդրումը դպրոցէն ներս եւ մասնաւորապէս իր գնահատականը տուաւ տարիներու տնօրինութեան վաստակ ունեցած Սեդա Պիպերեանին, որ շուտով հանգստեան պիտի կոչուի։ Ան յոյս յատնեց, որ նոր տնօրէնուհի Շաքէ Ժամկոչեանի ստանձնումով դպրոցը նոյն յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ Համազգայինի հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւնը։
Երեկոն շարունակուեցաւ սրտաբուխ նուիրատուներու երկար ցանկով մը, որուն գումարը հասաւ 88.000 եւրոյի։
Օտար քաղաքական ներկայացուցիչները լաւ տպաւորութեամբ եւ գնահատականով մեկնեցան Համազգայինի տարեկան ճաշկերոյթի երեկոյէն իսկ համազգայինի բարեկամները՝ մեծ գոհունակութեամբ:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Սելլա Թնճուկեանի այս առիթով արտասանած խօսքը կարդալ այստեղ: