
Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2021-ին, 60 «Boulevard Pinatel» Մարսէյի Համազգային Ճեմարանի մուտքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանի նախկին տնօրէնուհի Սեդա Պիպերեանին՝ Ֆրանսայի բարձրագոյն «Legion d'honneur»-ի ձեռնարկը: Ժամը 6-ին, Ֆրանսայի հանրապետութեան Մարսէյ քաղաքի մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնատար Պեռնար Պենիէ ժամանեց Համազգայինի դպրոց, ուր դիմաւորուեցաւ նախկին տնօրէնուհի՝ Սեդա Պիպերեանի եւ ներկայ տնօրէնուհի՝ Շաքէ Ժամկոչեանի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Սելլա Թնճուկեանի, խնամակալութեան ատենապետ՝ Ժիլպեր Մարքոյանի եւ իր անձնակազմին կողմէ։ Պեռնար Պենիէ բուռն ծափահարութիւններով ընդունուեցաւ սրահէն ներս, ուր այս առիթով հաւաքուած էին Համազգայինի ուսուցչական կազմը, խնամակալութեան հին եւ նոր անդամներ, նախկին շրջանաւարտներ, ծնողներ եւ Համազգայինի բազմաթիւ բարեկամներ։
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ դպրոցի շրջանաւարտ Իշխան Սեմերճեանի սքանչելի հեզասահ Ֆրանսերէն եւ Հայերէն լեզուներով բարի գալուստի խօսքերով, ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Պեռնար Պենիէն, որ լաւատեղեակ ըլլալով Համազգայինի կրթական եւ մշակութային միութեան գործունէութեան՝ բարձր գնահատեց Սեդա Պիպերեանի տարիներու վաստակը եւ իր բերած ներդրումը կրթական մարզին մէջ։ Ան անդրադարձաւ դպրոցի ուսումնական բարձրորակ մակարդակին եւ շեշտեց ֆրանսականի կողքին հայ մշակոյթի պահպանման կարեւորութիւնը։ Ան իր խօսքը շարունակեց Ֆրանսական «légion d'honneur » շքանշանի մասին մանրամասն բացատրութիւններ տալով, ապա բեմ հրաւիրեց Սեդա Պիպերեանը ստանալու այս բարձրաստիճան շքանշանը։
Սեդա Պիպերեան իր սրտի խօսքին մէջ հակիրճ պատմական մը տուաւ Մարսէյի Ճեմարանի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս դպրոցին սատարող անթիւ անձերու զոհաբերութեան մասին։ Յիշեց Յակոբ Պալեանի նախաձեռնող միտքը, Լուսին Մալիքեանի մանկավարժական ներդրումը, նշեց նաեւ, որ նուիրատուներու շնորհիւ է, որ շէնքի կառուցումէն մինչեւ օրս եղած են բազմաթիւ բարեփոխումներ եւ անդրադարձաւ 20 տարիներու շրջանաւարտներու հունձքին. անոնցմէ շատեր ներկայ էին սրահէն ներս։ Ի վերջոյ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մարսէյ քաղաքի Rectorat-ի դպրոցին եւ իրեն հանդէպ անոնց տածած յարատեւ ուշադրութեան համար եւ շեշտեց, որ իր անձին ընդմէջէն Համազգայինն է, որ կ՛արժանանայ այս պատուին։
Այս առիթով, Սելլա Թնճուկեան Սեդա Պիպերեանին յանձնեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ շնորհաւորական նամակ մը։