
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղին, Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Սուրբ Յակոբ դպրոցի Բաստրմաճեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Մենք ենք մեր սարերը» ասմունքի երեկոն, կատարողութեամբ Անահիտ Պալեանի։ Ներկայ էին 250-ի հասնող գրասէր ազգայիններ։
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին ջութակահար Նայիրի Փիլոյեան, դաշնակահար Խաչատուր Ղազարեան եւ Համազգայինի «Անի» Պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավար՝ Էվա Հայրապետեան։
Ասմունքներ կատարուեցան Պարոյր Սեւակէն, Ազնիւ Թորոսեանէն, Վահան Թէքէեանէն, Սիլվա Կապուտիկեանէն, Համբիկ Մարտիրոսեանէն, Սիամանթոյէն, Յուրի Սահակեանէն, Յովհաննէս Շիրազէն, Կամիլայէն, Վահան Տէրեանէն. յայտագիրը իր ազդեցիկ աւարտին հասաւ երբ Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը» բանաստեղծութեան ընկերակցաւ «Անի» պարախումբը, «Քոչարի» պարին կատարողութեամբ։
Ձեռնարկի աւարտին, Սանահին մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Թամար Շահինեան Փօլատեան բեմ հրաւիրեց Անահիտ Պալեանի մայրը՝ Ազնիւ Թորոսեան, որ իր կարգին ասմունքեց Հենրիկ Թումանեանի «Մատեան Գոյութեան» կտորը։ Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ դուրս եկան սրահէն, բարձր գնահատելով Անահիտի տաղանդը եւ մանաւանդ՝ Համազգայնավայել ձեռնարկը։