
Լոտի, Ն. Ճ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 15ին, Համազգայինի կազմակերպած «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօնը համախմբեց գաղութէն հազար երկու հարիւր հայ:
Փառատօնը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի տեսագրուած խօսքով եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Համազգայինի ատենապետ Զարմայր Սեդրակեանի բարի գալուստի հակիրճ խօսքերով:
Փառատօնին ընթացքին ելոյթ ունեցան Ալլա Լեւոնեան, Պապին Պօղոսեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Անդրանիկ պարախումբը, Ս. Թովմաս Եկեղեցւոյ Ախթամար պարախումբը, Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Երազ պարախումբը, Համազգայինի Նայիրի պարախումբը, Արեգակ մանկական երգչախումբը, Համազգայինի Ն.Ճ.ի տհոլի խումբը եւ երաժիշտ Կարինէ Հասասեանը:
Աւելի քան երկու ժամ հանդիսատեսը ականատեսը եղաւ իւրայատուկ յայտագիրի մը, որուն գագաթը հանդիսացաւ աւարտին ներկայացուած բոլոր պարախումբերու հայկական ժողովրդային պարերու համատեղումը:
Այս ձեռնարկը միասնութեան զօրաւոր պատգամ մըն էր: Անհամբեր կը սպասենք 2010ին կազմակերպուելիք «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօնին: