
Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը տարիներէ ի վեր սովորութիւն դարձուցած է կազմակերպումը միջդպրոցական գծագրական մրցանքի, որ յաճախ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ դպրոցականներուն մէջ, կը խրախուսէ զանոնք եւ ճամբայ կը հարթէ դէպի յաւելեալ մասնագիտացում: Այս տարի այս մրցումը իր շուրջ համախմբեց 19 հայկական դպրոցներէ 49 աշակերտներ, որոնք այս մրցումին ճամբով նոր փորձառութիւն ապրելու եւ իրենց ձիրքերը դրսեւորելու ու հանրութեան ներկայացնելու ուրոյն կարելիութիւն ունեցան: Այս տարուան մրցումը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Շաբաթ, 14 Մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրուան 12:00 տեղի ունեցաւ մրցումը, իսկ կէսօրուան ժամը 1:00-2:00 հրապարակային ցուցահանդէս` ներկայութեամբ աշակերտներուն ծնողներուն եւ արուեստասէրներուն: Օրուան հիւր արուեստագէտն էր արուեստի վաստակաւոր գործիչ, քանդակագործ Զաւէն Խտըշեան:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անունով մրցանքին մասնակից աշակերտներուն բարի գալուստ ու յաջողութիւն մաղթեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ դիտել տուաւ, թէ նման մրցումներ կրնան արուեստի նկատմամբ սիրոյ սերմեր ցանել եւ առիթ ըլլալ, որ իբրեւ ասպարէզ նկատի առնուի նաեւ այս բնագաւառը: Կ. Գապասագալեան ամփոփ գիծերու մէջ աշակերտներուն ներկայացուց նաեւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կողքին գործող Համազգայինի գեղարուեստի միւս դպրոցներն ու միաւորները: Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնը լուսարձակի տակ առաւ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ արուեստի կարեւորութիւնը` նշելով, որ անիկա դէպի գեղեցկութիւն եւ խաղաղութիւն ընթանալու ուրոյն ուղի է: Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւր արուեստագէտին, ծնողներուն եւ աշակերտներուն` իրենց մասնակցութեան համար: