
Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կազմակերպութեամբ` ամէնամեայ միջդպրոցական գծագրութեան մրցանքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ:
Մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տարիքային երեք խումբերու բաժնուած (6-8, 9-12, 13-16 տարեկան) 44 մանուկներ եւ պատանիներ:
Այս տարուան մասնակից դպրոցներն էին` Ազգային միացեալ վարժարանը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանը, Հայ աւետարանական քոլեճը, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, ՀԲԸՄ-ի վարժարանները, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան վարժարանը եւ Վահան Թեքէեան վարժարանը:
Մրցանքը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, երբ 6-8 եւ 9-12 տարեկան մանուկներն ու պատանիները կազմ ու պատրաստ իրենց մատիտներով եւ ներկերով սկսան գծել իրենց սահմանուած նիւթը:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: