
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» Մասնաճիւղի հերթական մշակութային երեկոն տեղի ունեցաւ Շաբաթ 4 Մարտ 2023-ին շուրջ 65 հոգիի ներկայութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան բացատրեց, որ այս երեկոն կազմակերպուեցաւ՝ օգտուելով հայրենի պարուսոյց Գրիգոր Կարապետեանի ներկայութենէն, որպէսզի առիթ ընծայուի ներկայացնելու Հայկական Պարի ծագումը, զարգացումը եւ ներկան։
Ողջունելով Համազգայինի Նիկոսիոյ «Սիփան» Պարախումբի անդամներուն ներկայութիւնը, ան բեմ հրաւիրեց պարախումբի անդամ Էլէն Անդրէասեանը, որ համառօտ կերպով անդրադարձաւ հայկական պարերու զարգացումին, կեդրոնանալով արցախեան պարերու ներկայացման վրայ։
Յաջորդեց՝ Նանօր Քէլէշեանի, Էլէն Խաչատրեանի եւ Էլէն Անդրէասեանի կատարողութեամբ «Տաւիղ» պարը, արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին։
Երեկոյի առաջին խօսողն էր հայրենի հիւր պարուսոյց Գրիգոր Կարապետեանը, որ իր խօսքը սկսաւ բացատրելով, որ հայկական ազգային պարը սկիզբ առած է նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանէն եւ դարերու ընդմէջէն հանդիսացած հայ ժողովուրդի բնաւորութեան եւ գեղագիտական մտածողութեան ամենավառ արտայայտութիւններէն մէկը։ Ապա, ան նշեց, որ մեր ազգային պարերը կը բաժնուին չորս խումբերու՝ ծիսական, սիրային, ռազմական, ժողովրդական եւ մէկ առ մէկ անդրադարձաւ իւրաքանչիւր խումբի աւանդութիւններուն եւ առանձնայատկութիւններուն։
Երկրորդ խօսողը՝ Համազգայինի Կիպրոսի Կազմի պարախումբերուն պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեան, ներկայացուց հայկական պարարուեստի մեծանուն վարպետներ Ազատ Ղարիպեանի եւ Վանուշ Խանամիրեանի, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Խաչիկեանի վաստակը, պատգամելով որ դժուարին պայմաններու մէջ ապրած այս մեծերուն ստեղծագործութիւնները պարարուեստի գոհարներ են, որոնք պէտք է պահպանուին եւ անփոփոխ փոխանցուին նոր սերունդներուն։
Յաջորդեց երկրորդ պարային ելոյթ մը, այս անգամ Սերինէ Պաղտասարեանի կատարողութեամբ «Տարտս Տուի Հովերին» մենապարը, որ նոյնպէս արժանացաւ ներկաներուն ջերմ գնահատանքին։
Վերջաւորութեան ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ հայրենի պարարուեստի վաստակաւոր գործիչներ՝ Գագիկ Կարապետեան, Ֆլորա Ասոյեան, Ալբերդ Կիզիրեան, Ժասմինա Աւետիսեան, Ռաշիտ Կարապետեան, Սուրէն Խաչատրեան, Ասատուր Կարապետեան եւ Վարդան Գէորգեան, որոնք ծանօթ ըլլալով «Սիփան» պարախումբի եւ պարուսույց Գրիգոր Քէլէշեանի աշխատանքին, շնորհաւորեցին եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին անոր եւ Համազգայինին։
Երեկոն փակուեցաւ աւանդութիւն դարձած «Պատառ ու Գինի»ով, որուն ընթացքին ներկաները իրենց խանդավառ գոհունակութիւնը յայտնեցին խօսողներուն ու կազմակերպողներուն, փափաքելով, որ նման գեղեցիկ ու խիստ հետաքրքրական երեկոներ յաճախ կազմակերպուին։