
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիայի նախագահութեամբ «Մշակութային Երեկոյ» մը տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Ճորճ Թոմպի հետ:
Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն չորս աշակերտներ՝ Սալբի Թորիկեան, Քեվըն Եուսէֆ, Տարոն Սուսանի եւ Ներսէս Ջուլճեան, գլխաւորութեամբ՝ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Դոկտ. Քրիստին Արզումանեանին, ուղղուեցան դէպի Լիբանանի Ամերիկեան դեսպանատուն՝ յատուկ հրաւէրով մը։
Համազգայինի աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ նուագելու հայկական ստեղծագործութիւններ, որոնց համար արժանացան ջերմ գնահատանքի։ Ներկայ էին նաեւ զանազան երկիրներու դեսպաններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Ազգային Բարձրագոյն երաժշտանոցի, Իլիաս Րահպանի Ակաթեմիայի եւ Ղասան Եամմին գեղարուեստական դպրոցի ներկայացուցիչներ:
Աւարտին, Լիբանանի Համազգայինի անունով հայկական յուշանուէր մը նուիրուեցաւ դեսպանին՝ առ ի երախտագիտութիւն։