
Համազգայինի նոր տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը՝ Մշակութային Երեկոյ նուիրուած Յակոբ Պարոնեանին, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2019-ին, Լիմասոլի «Նարեկ» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցաւ շուրջ 60 հոգի, մրցանիշ մը Լիմասոլի հայ համայնքին համար։
Իր բացման խօսքին մէջ նորընտիր վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան ըսաւ, որ Համազգայինի առաքելութիւնն է պահպանել, զարգացնել ու տարածել հայ մշակոյթը եւ ճիշդ այս նպատակին ծառայելու համար վարչութիւնը որոշած է իր կազմակերպած մշակութային ու այլ ձեռնարկներով ներկայութիւն ըլլալ նաեւ Լիմասոլի, Լառնաքայի եւ Պաֆոսի համայնքերուն մէջ։ Ուրախ ենք, որ Լիմասոլի մէջ ունինք արդէն տասնեակ մը անդամներ եւ յոյսով ենք որ շատ շուտով հոս կ՛ունենանք Համազգայինի նոր մասնաճիւղ մը,- ըսաւ ան։
Արթօ Դաւիթեան ապա անցաւ օրուան նիւթին, ներկայացնելով մեծանուն երգիծագիր Յակոբ Պարոնեանը։ Ներկայացնելէ ետք Պարոնեանի կեանքն ու գործերը, ան կեդրոնացաւ գրողի գաղափարներու աշխարհին ու գրական յատկանիշներուն վրայ։ Պարոնեան տաղանդաւոր ու բազմակողմանի երգիծաբան մըն էր, ըսաւ ան, որ տեւաբար պայքարած է գեղեցիկ իտէալներու համար եւ ան մեր մեծագոյն երգիծաբանն է, որ մինչեւ օրս կը տիրապետէ մեր գրական կեանքին։
Երեկոյի երկրորդ բաժինով բեմ բարձրացաւ Համազգայինի նորակազմ «Հեքիաթ» պատանեկան թատերախումբը, որ Յարութ Թահմազեանի ղեկավարութեամբ ներկայացուց Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ» գործէն քանի մը տեսարաններ, արժանանալով ներկաներուն ջերմ գնահատանքին։ Պէտք է նշել, որ թէեւ տակաւին սկսնակ՝ սակայն մեր պատանի դերակատարները արդէն սկսած են ցուցադրել յառաջդիմութեան նշաններ։
Երեկոն փակուեցաւ հիւրասիրութեամբ ու ներկաներու խանդավառ արտայայտութիւններով։