
Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 8-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղի մշակութային երեկոն՝ նուիրուած երաժիշտ, դաշնակահար Առնօ Բաբաջանեանին, ներկայութեամբ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ․ Խորէն Արք․ Տողրամաճեանի եւ Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի։
Երեկոյի բացումը կատարեց վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան նշելով, որ երկար ընդմիջումէ ետք Համազգայինը կը վերսկսի Մշակութային Երեկոներուն, սիրուած կոմպոզիտոր Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակին նուիրուած յայտագրով։ Ապա ան հրաւիրեց Ս․ Աստուածածին Եկեղեցիի երգչախումբի ղեկավար, դաշնակահար Նառա Սարդարեանը, ներկայացնելու համար Բաբաջանեանի կեանքն ու գործը։
Տիկին Սարդարեան ներկայացուց մեծ երաժիշտին վաստակը, անոր աշխարհահռչակ ստեղծագործութիւնները, համբաւը, համերգային անմոռանալի կատարումները, միեւնոյն ատեն թուելով անոր կեանքի մտերիմ պահերն ու ընկերային, ուսանողական, ընտանեկան առօրեայէն հետաքրքրական մանրամասնութիւններ։ Բանախօսի ելոյթի ընթացքին մէջ ընդ մէջ ցուցադրուեցան Բաբաջանեանի համերգներէն տեսանիւթեր։
Ներկաները մեծ հաճոյքով վայելեցին նաեւ Բաբաջանեանի գործերէն կենդանի կատարումներ պատանի Էտկար Էվոյեանի կողմէ` ընկերակցութեամբ Տկն․ Զարա Բարխուդարեանի եւ երիտասարդ ուսանող Կարիկ Մալխասեանի կողմէ` ընկերակցութեամբ Նառա Սարդարեանի։ Յայտագիրը վերջ գտաւ բոլորին կողմէ խմբերգուած «Ազգ Փառապանծ» երգով։
Երեկոն փակուեցաւ հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին ներկաները իրենց հիացումը արտայայտեցին երիտասարդ մեներգողներուն ու մանաւանդ անոնց ընկերացող փորձառու երաժիշտ-ուսուցչուհիներուն։