
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղի հերթական Մշակութային Երեկոն, նուիրուած կիպրահայ յարգուած երաժիշտ ու դաստիարակ Վահան Պէտէլեանին, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 14 Ապրիլ 2023-ին շուրջ 45 հոգիի ներկայութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ Կաթ․ Փոխանորդ Խորէն Արքեպիսկոպոսը եւ Հայ Համայնքի Պետ․ Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի հակիրճ բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ «Նարեկ» վարժարաններու նախկին բազմամեայ տնօրէն Վարդան Թաշճեան, որ ոգեւորող ներշնչումով խօսեցաւ Վահան Պէտէլեան երաժիշտին, ուսուցիչին ու դպրապետին մասին, ծանրանալով անոր հմտութեան, բարութեան եւ օրինակելի ապրելակերպին վրայ։ Ան նշեց, որ Պէտէլեան եղած է Կիպրոսի՝ դասական երաժշտութեան հայրը, եւ երկրի առաջին նուագախումբերն ու քառաձայն երգչախումբերը եղած են իր անխոնջ աշխատանքին պտուղը։
Բանախօսը պատմեց մեծ ուսուցիչի կեանքէն դրուագներ, յիշելով նաեւ անոր 90-ամեակին առթիւ պետութեան կողմէ նախաձեռնուած մեծ ու փառաշուք համերգը, երբ աշխարհահռչակ անոր չորս աշակերտները՝ Մանուկ Բարիքեան, Յարութիւն Պէտէլեան, Լեւոն Չիլինկիրեան եւ Ճորճ Վաս միասնաբար ելոյթ ունենալով գերագոյն պատիւը ընծայեցին յոբելեարին։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Վահան Պէտէլեանին թոռնիկը՝ Վահան Այնէճեան, որ տեսանիւթով ներկայացուց իր մեծ հօր կեանքի զանազան դրուագները։ Իսկ միւս թոռնիկը՝ Սիմոն Այնէճեան ներկայացուց տեսերիզ մը, որուն մէջ Պէտէլեանին զաւակը՝ Յարութիւն Պէտէլեան կը խօսէր իր հօր մասին։
Յայտագիրը վերջ գտաւ Տիկին Զառա Բարխուդարեանի եւ պատանի Էտկար Էվոյեանի ելոյթով, որոնք գեղեցիկ կերպով կատարեցին Վահան Պէտէլեանի յօրինումներէն «Ես իմ Աշխարհի Արեւը Կ՛ուզեմ» եւ «Եկեղեցին Հայկական» կտորները։
Փակելով երեկոն, Արթօ Դաւիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրի մասնակիցներուն ու յատկապէս Վարդան Թաշճեանին, որ իր ոգեշնչող խօսքերով թարմացուց Վահան Պէտէլեանի յիշատակը։