
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» Մասնաճիւղի հերթական Մշակութային Երեկոն, նուիրուած հայրենի քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի 95-ամեակին, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 24 Փետրուար 2023-ին, շուրջ 40 հոգիի ներկայութեամբ։ Ներկայ էին Կաթ․ Փոխանորդ Խորէն Արքեպիսկոպոսը, Պետ․ Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը եւ Լիմասոլի մէջ ՀՀ Պատ․ Հիւպատոս Մարտիրոս Մինասեանը։
Բանալով երեկոն, վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան նշելէ ետք, որ հաճելի զուգադիպութեամբ՝ մեծ քանդակագործին 95-ամեակը կը նշենք Համազգայինի 95-ամեակին, բեմ հրաւիրեց Իրիս Ետալեան-Գարամանուկեանը, որ գեղեցկօրէն պատրաստուած բացման խօսքով անդրադարձաւ Արա Յարութիւնեանի կեանքին ու գործին։
Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ Տիկին Սիւզաննա Յարութիւնեանը, որ հանգամանօրէն ներկայացուց իր հօր՝ Արա Յարութիւնեանի կեանքէն դրուագներ ու ճոխ տեսանիւթի ընկերակցութեամբ մէկ առ մէկ ներկաներուն ծանօթացուց քանդակագործի կարեւորագոյն գործերը՝ «Մայր Հայաստան», Սարդարապատի Յուշահամալիր, «Էրէբունի» Թանգարանի եւ «Սունդուկեան» թատրոնի որմաքանդակները, «Մուսա Լեռ» Յուշահամալիրը, եւայլն։
Մեծ քանդակագործի ազնուափայլ դուստրը կեդրոնացաւ յատկապէս «Մայր Հայաստան» յուշարձանի յղացումի եւ կառուցումի ոդիսականին վրայ, մանրամասնօրէն բացատրելով այդ հզօր քանդակին վրայ իր արուեստագէտ հօր տարած յոգնատանջ աշխատանքը։ Վերջաւորութեան, ցուցադրուեցաւ կարճ ֆիլմ մը, որուն մէջ լսուեցաւ նաեւ մեծ հայուն ձայնը։
Ներկաները մեծ ուշադրութեամբ ու հաճոյքով հետեւեցան Տիկին Յարութիւնեանի ելոյթին եւ իրենց գնահատանքը արտայայտեցին յոտնկայս ջերմ ծափահարութեամբ։
Փակելով երեկոն Արթօ Դաւիթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու յատկապէս Տիկին Սիւզաննա Յարութիւնեանին, որ իր սրտաբուխ խօսքերով ներկաներուն մէջ վերարծարծեց հայ ազգային արժէքներուն հանդէպ սէրն ու հաւատարմութիւնը։