
Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան, մասնակցութեամբ խումբ մը աշակերտներու Մոնթրէալի երեք հայկական վարժարաններէն՝ Ազգային Սուրբ Յակոբ, ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան եւ Հայ Կաթողիկէ Նարեկ վարժարաններէն, ներկայութեամբ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ՝ թատերասէր եւ արուեստասէր հանրութեան:
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսք արտասանեց Անահիտ Պալեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ Խրիմեան Հայրիկի հակիրճ կենսագրականին եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ բեմադրիչ, դերակատար եւ ազգային գործիչ դոկտոր Հրանդ Մարգարեանի բազմաբեղուն գործունէութեան, իրագործումներուն եւ ստացած պարգեւատրումներուն: Տիկին Պալեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց գաղութի զաւակներէն մենաներկայացման մասնակցող վեց երիտասարդներուն եւ երեք հայկական վարժարաններուն տնօրէնութեանց, հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչներուն, մասնակցող աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն: Ան նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ դոտկ. Մարգարեանի պատրաստած, բեմադրած եւ ներկայացուցած մենաթատրոնը ինքնանպատակ չէ, այլ պիտի նպաստէ Արցախի զինուորներուն արիւնահոսքի կասեցման սարքերու մատակարարման:
Դոկտ. Մարգարեան Խրիմեան Հայրիկի կերպարանքով մուտք գործեց գաւիթէն դէպի եկեղեցւոյ դաս, ուր սկսաւ իր մենաներկայացումը: Խրիմեան Հայրիկի մարմնաւորումով, ան ներկայացուց Վանի մէջ ծնած ու հասակ առած Մկրտիչին կեանքը, սկսելով մանկութենէն, ապա հօրեղբօր հովանիին տակ դաստիարակութիւնը, ամուսնութիւնն ու ընտանիք կազմելը, Պոլիս գաղթականութեան տարիները, գաւառները պտըտիլն ու ընտանիքին մահէն ետք վարդապետ ձեռնադրուիլը:
Որպէս հոգեւորական, Մկրտիչ Խրիմեանի հեղինակած գիրքերուն, գործունէութեան եւ կեանքին գրեթէ բոլոր հանգրուաններուն անդրադարձ կատարուեցաւ մենաներկայացման ընթացքին, կրած հալածանքներուն Սուլթան Ապտիւլ Համիտի տարիներուն, աքսորներուն ու վերադարձին, անոր ծառայութեան Պոլիս, Էջմիածին, Վան եւ այլուր, ինչպէս նաեւ կարգ մը խաւարամիտ կրօնաւորներու, որոնց հալածանքին նոյնպէս ենթարկուած էր Խրիմեան Հայրիկ: Ան նշեց, թէ ինչպէ՛ս գաւառի մեր ժողովուրդին զարթօնքին ի նպաստ տարած աշխատանքներուն եւ անոնց իրաւունքներուն պաշտպանութեան ի խնդիր մղած պայքարին համար զայն կոչած էին «Հայրիկ»:
Պերլինի վեհաժողովին ներկայացումը կատարուեցաւ գաղութիս զաւակներէն վեց երիտասարդներու եւ դերակատար Ճորճ Տարագճեանի մասնակցութեամբ, որ իւրայատուկ ազդեցութիւն գործեց ներկաներուն վրայ: Յուզիչ էր անկէ ետք Խրիմեան Հայրիկի «Հարիսայի կաթսան եւ երկաթէ շերեփը» նշանաւոր ճառին ելոյթը:
Ապա ցարական իշխանութեան հայ եկեղեցիներու եւ անոնց պատկան կալուածներու գրաւումի հանգրուանի անդրադարձին ժամանակ, իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական երեք վարժարաններէն խումբ մը աշակերտներ:
Խրիմեան Հայրիկի վերջին ճառով, ապա աշակերտներուն Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ ձեռնարկը:
Դոկտոր Մարգարեանի հեղինակած այս գործը գլուխ-գործոց մըն է, զոր ներկայացուց բացառիկ խաղարկութեամբ, լիարժէք կերպով մարմնաւորելով սրտցաւ հոգեւորականը, որ տառապեցաւ ու պաշտպանը հանդիսացաւ իր ժողովուրդին, յատկապէս գաւառացիին, ինչպէս նաեւ Հայկական հարցին՝ օտար ամպիոններու վրայ: Դոկտ. Մարգարեան ճարտարօրէն յաջողեցաւ պատկերացումը տալ քաջ հովիւին, որ բնաւ չընկրկեցաւ իրեն դէմ տարուած հալածանքներուն ենթարկուելով: Ան իր հեզասահ ոճով եւ հասկնալի ու պարզ լեզուով կրցաւ գրաւել հանդիսատեսները եւ անոնց փոխանցել Խրիմեան Հայրիկին պատգամները: Յատկանշական էին մերթ ընդ մերթ Վանի բարբառով մէջբերումները:
Մենաներկայացման աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հեղինակին գիրքերուն վաճառք:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան