
Հաւատարիմ մնալով հայ գիրքին ու մշակոյթին արժէքը բարձր պահելու աւանդին եւ մեծարելու համար Մուսա Լերան հերոսական ինքնապաշտպանութեան զինուորական ղեկավար Մովսէս Տէր Գալուստեանի անձն ու գործունէութիւնը, Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Մոնթրէալի «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մովսէս Տէր Գալուստեանի մահուան 35-ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյ, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ պատմական գիտութեանց դոկտոր Աշոտ Ներսիսեանի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» գիրքը:
Ներկայ էին գրասէր հայորդիներ, որոնց կողքին՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Մովսէս Տէր Գալուստեանի որդին՝ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանը:
Օրուան բանախօսն էր «Հորիզոն»ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան: Հանդիսավարը՝ Անահիտ Պալեան, ողջունեց ներկաները, ապա, հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց Մովսէս Տէր Գալուստեանի կենսագրութիւնը, դոկտոր Աշոտ Ներսիսեանի պատմաբանական վաստակն ու օրուան բանախօսին մասնագիտական գործունէութիւնը: