
Սփիւռքահայ հանրածանօթ գրագէտ, կրթական մշակ` Մուշեղ Իշխանի (Մուշեղ Ճենտերէճեան) ծննդեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 27 Մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութախառն հաճելի «Յիշատակի երեկոյ» մը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Սարգիս Կիրակոսեան` նշելով, որ այս երեկոն կու գայ այն ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, որոնք նուիրուած են Մուշեղ Իշխանին եւ որոնց սկիզբի ազդանշանը տրուեցաւ 21 Մարտին` լիբանանահայ վարժարաններուն մասնակցութեամբ, անոր քերթուածներուն արտասանական մրցանքով: Նմանապէս Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով` Յակոբ Գառնեշեան ներկայացուց ձեռնարկի յայտագիրին գլխաւոր կէտերը: Ապա ներկայացուեցաւ Մուշեղ Իշխանի հարազատ ձայնով ինքնակենսագրական տեսերիզ մը: