
Հայ ազգին երկու հիմնական ներկայացուցիչները` սփիւռքահայն ու հայաստանցին բեմին վրայ են` իրենց սովորութիւններով, նկարագրային գիծերով, մտածելակերպով, թերութիւններով, իրարու նկատմամբ ունեցած մօտեցումներով…
Բեմին վրայ են նաեւ այսօրուան Հայաստանի եւ Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցիչները` իրենց բնորոշ գիծերով, կեանքը ընկալելու ձեւերով եւ հաւատալիքներով…
Տաղանդաւոր դերասան եւ թատերախաղի հիմնական դերակատար Նարեկ Տուրեանն ու անոր ընկերացող օժտեալ դերասաններ` Թամարա Պետրոսեան, Գոհարիկ Կարապետեան, Զաւէն Աբրահամեան, Արային Տեխտրիկեան, Աշոտ Գարտաշեան, Գրիգորի Յակոբեան Շաբաթ, 11 եւ Կիրակի, 12 Յունուար 2014-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ մեծ վարպետութեամբ կրցան շուրջ երկուքուկէս ժամ անընդհատ կլանել հանդիսատեսը` անոր ներկայացնելով վերոնշեալ տիպարները եւ անոնց ընդմէջէն ստեղծուած տարաբնոյթ կացութիւններ: