
Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլին, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. դասարանի աշակերտները այցելեցին ԼՕԽ-ի Ա. Պուլղուրճեան Կեդրոն՝ ընկերակցութեամբ տիկ. Սիլվա Քիւրքճեանի եւ տիկ. Թամար Տէր Պետրոսեանի:
Պուլղուրճեան Կեդրոնէն ներս աշակերտները դիտեցին ԼՕԽ-ի եւ ՀՕՄ-ի գործունէութեան մասին տեսաերիզ մը, որմէ ետք ՀՕՄ-ի անդամ տիկ. Թամար Տէր Պետրոսեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:
Աշակերտները շրջեցան Կեդրոնի բոլոր յարկերը, ուր իւրաքանչիւր բաժնի պատասխանատու բացատրութիւններ տուաւ տուեալ բաժնի գործելաձեւին մասին: