
Այս տարի, Համազգայինի Մ. ¢ Հ Արսլանեան Ճեմարանի Միջնակարգ բաժնի Եօթներորդ դասարաններու 56 աշակերտները միասնաբար աշխատելով յաջողեցան վերակենդանացնել մանրակերտներ պատրաստելու հաճելի ու օգտաշատ աւանդոյթը: Այսպէս՝ Ընդհանուր Ազգաց Պատմութեան (Histoire) նիւթին ընդմէջէն ուսումնասիրելէ ետք միջնադարեան աւատապետական կարգերը, եկեղեցին ու ժողովրդական տարբեր խաւերու կենսաոճն ու աշխատանքը, ինչպէս նա¢ միջնադարեան ռազմական ¢ ժողովրդական ճարտարապետութիւնը, անոնք բաժնուեցան 8 խումբերու ¢ ամէն մէկ խումբ ստեղծեց իր աւանի մանրակերտը, որ կազմուած է յատակագծային երկմաս կառոյցներէ, բաղկացած միջնաբերդէն եւ բուն քաղաքէն: Բոլոր աշխատանքներն ալ արժանապէս գնահատուեցան աշակերտութեան ու ուսուցչական կազմին կողմէ:
|