
Յայտարարուած են Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի թատրոնի ու շարժապատկերի պետական հիմնարկին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայրերի հող» խորագիրով կարճ տեւողութեամբ ժապաւէններու մրցումին արդիւնքները:
Մրցումը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին եւ նպատակ ունէր խթանել ժամանակակից հայ ֆիլմարուեստը, բացայայտել այդ մարզին մէջ ստեղծագործող նոր անուններ, աջակցիլ ուսանող, երիտասարդ բեմագիրներուն եւ բեմադրիչներուն:
Մրցումին ներկայացուած 17 բեմագրութիւններէն Դատական կազմը ընտրած է 3 լաւագոյնները, որոնց հիման վրայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ նկարահանուած են հետեւեալ ժապաւէնները`
Շողեր Պետրոսեան «Հայրերի հող»
Վարդան Թովմասեան «Մեր գիւղի լոյսերը»
Սոնա Տօնականեան «Գնդակը»
7 հոկտեմբեր 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Շողեր Պետրոսեանի «Հայրերի հող» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:
«Հայրերի հող» խորագիրով մրցումի դատական կազմը կը գլխաւորէր Հայաստանի ազգային շարժապատկերի ակադեմիայի նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան, իսկ դատական կազմին մէջ ընդգրկուած էին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, շարժապատկերի մասնագէտ Անետա Երզնկեան, Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Մուրատեան, գրող Ռուբէն Յովսէփեան, բեմագիր Սպարտակ Ղարաբաղցեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ շարժապատկերի բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ