
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, «Յանուն Հայրենիքի» խորագրով ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյ մը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս։
Համերգին նպատակը հայ երիտասարդութիւնը ազգային երգի ճամբով հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի բագինին ինկած հերոսներուն աղերսելն էր:
Երեկոյին մասնակցեցան Համազգայինի նուագախումբը եւ մեներգողները, ղեկավարութեամբ՝ բժ. Ռաֆֆի Ապէճեանի ինչպէս նաեւ «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ՝ Վրէժ Թերզեանի։
Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը, Պատկան Մարմինի, Ազգային Վարչութեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչները, Շուշիի հալէպահայ նահատակներու ծնողները եւ հարազատները։
Օրուան հանդիսավար Գէորգ Աղպապեան ազգային պատգամներով մերթ ընդ մերթ վեր առաւ հայ ազատագրական շարժման հերոսներուն սխրանքներն ու հայրենիքի պաշտպանութեան հրամայականը: