
Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2009-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում՝ նիւթ ունենալով Յարութ Շեքերճեանի «Օվըրտոզ» թատերակը, որ լոյս պիտի տեսնէ «Բագին»ի Սեպտեմբերի թիւին մէջ:
«Բագին»ի փոխ խմբագիր Սեդա Գրիգորեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց թատերակի հեղինակ Յարութ Շեքերճեանը: Ան յայտնեց, թէ Յարութ Շեքերճեան խոստմնալից դերասան է եւ, ըստ երեւոյթին, գրելու եւ ստեղծագործելու շնորհներ ալ ունի:
Այնուհետեւ հեղինակը մօտաւորապէս 20 վայրկեան տեւողութեամբ ընթերցեց թատերակը, որ «մենաթատրոն» մըն է: Նիւթը կը ներկայացնէ թմրամոլ երիտասարդ մը, որ թմրեցուցիչի գործածութեան գագաթնակէտին կը հասնի եւ յանկարծ ներքին արթնացում մը, պոռթկում մը կþունենայ ու կը փորձէ ինքզինք կեանքի մղել, որովհետեւ ինք մահուան դատապարտուած էր: Ան կը սկսի բախում մը ունենալ իր ենթագիտակցութեան մէջ եւ իր միւս «ես»ը կը փորձէ զինք արթնցնել: Մենախօսութիւնը կը զարգանայ եւ երիտասարդին տառապալի ներկան կը հակադրուի իր անցեալին, որ աւելի մաքուր էր, երբ անհատը փոքր էր տարիքով եւ թմրեցուցիչ չէր գործածեր: Գործին մէջ անցեալապաշտութիւն մը կայ, սակայն վերջաւորութեան ի յայտ կու գայ, որ այս բոլորը երազ էր:
Յարութ Շեքերճեանի թատերակի ընթերցման իրենց մասնակցութիւնը բերին Սեդա Գրիգորեան եւ Յակոբ Թաշճեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում: